ՄԱԿ-ի մէջ իբրեւ պաշտօնական փաստաթուղթ տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յուշագիրը` հասցէագրուած կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին` փետրուար 1992-ին ազրպէյճանական զինեալ կազմաւորումներէն Խոջալուի ազատագրման ժամանակ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կեղծելու Ազրպէյճանի չդադրող փորձերուն առիթով:
Փաստաթուղթին մէջ փաստարկներ կը բերուին առ այն, թէ Արցախի Հանրապետութեան ինքնապաշտպանութեան ուժերու գործողութիւնները` ուղղուած Խոջալուի մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական զինեալ ուժերու հրետանիի կրակային դիրքերու չէզոքացման, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի օդակայանի ապաշրջափակման, պայմանաւորուած էին բացառապէս ռազմական անհրաժեշտութեամբ եւ կը համապատասխանէին միջազգային մարդասիրական իրաւունքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն:
«Հակառակը` ազրպէյճանական կողմը վերը նշուած իրադարձութիւններու ընթացքին կատարած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքի շարք մը արժեչափերու կոպիտ խախտումներ: Մասնաւորաբար, ռազմավարական դիրքերու պահպանման նպատակով Ազրպէյճանի իշխանութիւնները որոշում տուած էին չհեռացնել քաղաքային բնակչութիւնը: Ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ պատսպարուելու նպատակով խաղաղ բնակչութիւնը իբրեւ կենդանի վահան օգտագործելը ո՛չ միայն միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում է, այլ նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի ուխտի 8-րդ յօդուածի 2-րդ մասի Բ. կէտի 23-րդ ենթակէտին համաձայն, համազօր է ռազմական յանցագործութեան:
«Հետեւեալ հանգամանքներու ողբերգական զուգադիպումը, մասնաւորաբար` Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի արժեչափերու միտումնաւոր խախտումը, Ազրպէյճանի մէջ իշխանութեան համար պայքարը եւ ատով պայմանաւորուած` ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն մէջ հրամանատարութեան միասնականութեան բացակայութիւնը յանգեցուցին անոր, որ եղան մարդկային զոհեր` հակառակ Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերուն կողմէ իրականացուած պաշտպանական բոլոր քայլերուն, ներառեալ` գործողութեան մասին նախօրօք նախազգուշացումը եւ մարդասիրական միջանցքի ստեղծումը:
«Ազրպէյճան կը շարունակէ կեղծարարութեան եւ ապատեղեկատուութեան քաղաքականութիւն իրականացնել` ազրպէյճանական զինեալ կազմաւորումներէն Խոջալուի ազատագրման ժամանակ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ կեղծ պնդումներ տարածելով` ազրպէյճանական հասարակութեան մօտ հակահայկական ջղագարութեան եւ հայերու հանդէպ ատելութեան արմատաւորման նպատակով», կը նշուի Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յուշագիրին մէջ: