Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան մէջ ընդհանուր դատախազի տեղակալի օգնական Փաթրիք Յովակիմեանի թեկնածութիւնը առաջադրեց Ազգային տեղեկահաւաքի տնօրէնի գրասենեակի ընդհանուր խորհրդատուի պաշտօնին:
Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Յովակիմեան նաեւ կը վարէ արդարադատութեան նախարարութեան ընդհանուր դատախազի տեղակալ Ճեֆրի Ռոզընի գրասենեակի անձնակազմի պետի պաշտօնը:
Ան արդարադատութեան նախարարութեան մէջ վեց տարի վարած է անդրազգային կազմակերպուած ոճիրներու դէմ պայքարի ջանքերու տնօրէնի պաշտօնը:
Յովակիմեան նաեւ վարած է Քալիֆորնիոյ Հարաւային գաւառի օգնական փաստաբանի պաշտօնը: Իբրեւ փաստաբան ան աշխատած է «Լաթհամ էնտ Ուաթքինզ» փաստաբանական ընկերութեան եւ Միացեալ Նահանգներու վերադատ ատեանին մէջ: