Մայիսեան եռատօնը եւ տակաւին նոյն ամսուան մէջ յառաջիկային նշուելիք` Մայիս 28-ի ազգի վերականգնման տօնը այս ամսուան համար ձեւաւորած են մեր համազգային արժէքաբանութեան մէջ յատուկ իմաստ, նշանակութիւն, խորհուրդ:
Մայիս 8-ը սակայն ամէնէն շատ կը կեդրոնանայ Շուշիի ազատագրումին ունեցած ռազմավարական նշանակութեան վրայ, որ ըստ էութեան դարձաւ նաեւ ամբողջ Արցախի ազատագրումի կարեւորագոյն անկիւնաքարը: Շուշին ռազմագիտական առումով դարձաւ յենակէտը ամբողջ Արցախի անվտանգութեան ապահովման եւ այդ ճամբով նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան: Շուշին ըստ էութեան երաշխաւորեց թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի հանրապետութիւններու անվտանգութիւնը: Այդ հանգամանքով նաեւ` պետականութեան շարունակականութիւնը:
Հետագայ ազատագրումները խորքին մէջ ունէին Շուշիի ռազմագիտական ելակէտը: Իւրաքանչիւր անվտանգութեան յենակէտի ապահովում բացի պատմական հողերու ազատագրման տեսլականէն ունէր նաեւ անվտանգութեան յաւելեալ կայացման, ամրակայման խնդիր: Ազրպէյճանը շարունակական ձեւով կը փաստէր, որ միշտ պատրաստ է ոտնձգութեան` սպառնալով արցախահայութեան ֆիզիքական գոյութեան: Ազատագրումներու շղթային շրջադարձային կէտը կարելի է նկատել Շուշին, որ հունաւորեց հետագայ դիպաշարը:
Փուլային ազատագրումներու այս շղթան սահմանագծեց այսօրուան փաստացի տարածքները, Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը: Առանց անվտանգութեան յենակէտին կարելի պիտի չըլլար ազատագրումներու յաջորդականութեան իրականացումը:
Անվտանգութեան գերակայութիւնը այսօր անշրջանցելի սկզբունք է բանակցութիւններուն: Բանակցութիւններ, որոնք հայկական կողմին համար կայացած են ինքնորոշման իրաւունքի, ցեղասպանութեան չենթարկուելու, հետեւաբար անվտանգութիւնը ապահովելու անտեղիտալի սկզբունքներուն վրայ: Արցախահայութիւնը ինքնապաշտպանուեցաւ եւ ինքնորոշուեցաւ ցեղասպանութեան չենթարկուելու համար. այլ խօսքով` ժողովուրդի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը համոզեց բոլորը, որ Պաքուն չէ հրաժարած ցեղային զտում կատարելու իր մտադրութիւններէն: Բանակցութիւնները վերադարձան զերօ կէտ: Միջազգային ընտանիքը առաջադրեց հակամարտող կողմերուն միջեւ գտնուող գիծերու վրայ գործնապէս երաշխաւորել անվտանգութեան գործիքակազմերու արդիւնաւէտ աշխատիլը: Պաքուն դարձեալ խափանեց գործընթացը:
Երբ յարձակողապաշտութիւնն ու ատելութիւնը պետական վարքագիծի մնայուն դրսեւորումներու տեսք ունին, փուլային բանակցութիւնները կը դառնան սպառնալիք անվտանգութեան: Մանաւանդ փուլային տարբերակը (գէթ հրապարակայնացուած առաջին կէտով), որ կը խօսի յարակից տարածքներէն հայկական ուժերու հեռացման մասին: Փուլայինը իր առաջին կէտով հիմնովին կը հակասէ արցախահայութեան ազատամարտի առաջնագոյն սկզբունքներուն: Որովհետեւ առաջին կէտը արդէն իսկ կը սպառնայ արցախահայութեան անվտանգութեան` ցեղային զտման վարքագիծէ չհրաժարող վտանգը մօտեցնելով արցախահայութեան:
Հայկական բանակցող կողմը կը մասնակցի բանակցութիւններուն` իբրեւ Արցախի եւ արցախահայութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր: Փուլայինը սպառնալիք է մեր անվտանգութեան:
Շուշին անվտանգութեան ապահովման միջնաբերդն է. կը յուշէ, որ արիւնով ազատագրուածը բանակցելի չէ: