Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան անյաջող ձեւով սկսաւ «ՖԻՏԷ»- ի «Ազգերու- Լիկա»- ի առցանց մրցաշարքը:
Եւրոպայի խումբին հետ հանդէս եկող Արոնեանի կազմը Ա. հանգրուանին մրցեցաւ Ռուսիոյ դէմ: Հանդիպումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ:
Արոնեան սեւ քարերով պարտութիւն մը կրեց:
Իսկ Բ. հանգրուանին, Արոնեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը: Անոր կազմը կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը Չինաստանէն:
Նշենք, որ «ՖԻՏԷ»- ն առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը կայացնէ «Ազգերու- Լիկա»- ի առցանց մրցաշարքը: