ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Լիբանանի մէջ փտածութեան հարցը
պետութեան մէջ պետութիւն դարձած է»:
Հասսան Տիապ (Լիբանանի վարչապետ)
(«Ազդակ», 1 մայիս 2020)
Առաւօտ կանուխ դէպի գործատեղի ճամբուս վրայ յանկարծ ինքզինք հրմշտկեց մտածում մը, որ տակաւ վերածուեցաւ հետաքրքրաշարժ հարցադրումի մը. արդեօք յուշարձանը դեռ հո՞ն է:
Պէտք է ըսել, որ հարցադրումին դրդապատճառը անոր ֆիզիքական գոյութեան (տեղաշարժին) մասին չէր, որքան` խորհուրդին, կամ անկէ ցայտող հնչեղութեան, որով հպարտացեր է լիբանանցին, մինչեւ այն ատեն, երբ անոր մտքին մէջ վառ է մնացեր ազգային գիտակցութիւնն ու սեփական պատմութեան հանդէպ յարգանքը:
Նման նշում կը կատարենք, որովհետեւ մօտիկ անցեալին արձանագրուած դատապարտելի դէպքերը, անվայել վերաբերումներն ու տարատեսակ խծբծումները 6 մայիս յուշատօնին վերաբերեալ տխուր յիշատակներ թողած են յատկապէս մեր յիշողութեան պաստառին վրայ:
Փաստօրէն, ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններով (պետական մակարդակի թէ զանգուածային), տուեալ յուշարձանը ապրած է դառնութեամբ յագեցած օրեր եւ ենթարկուած արժեզրկումի: Միւս կողմէ, լիբանանահայութիւնը, շատ անգամ առանձին, արժանահաւատ կեցուածքով եւ քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ ցոյց տուած է իր յարգանքը` իր գլուխը խոնարհեցնելով յիշատակին առջեւ լիբանանցի թէ այլ նահատակ գրողներու ու ազգային գործիչներու, որոնք զոհ գացած են բարբարոս թուրքի եաթաղանին թէ կախաղանին:
Այո՛, խօսքը կը վերաբերի Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին, որ, քարեղէն ներկայութիւն մը ըլլալով հանդերձ, իր մէջ պարփակած է ժողովուրդի մը ապրած տառապանքն ու հաւաքական յիշողութիւնը: Արդար է յիշեցնել, որ լիբանանահայ հրապարակագրութիւնը չէ զլացած երբեք, տասնամեակներ շարունակ, սեւով սպիտակին վրայ արձանագրելու հայու երախտագիտական զգացումները` Լիբանան կոչուած հայրենիքին նկատմամբ, յատկապէս լոյսին բերելով թուրք դահիճին զազիր դիմագիծն ու պահուածքը:
Ճիշդ է, որ ամէն օր նոյն վայրէն (Պուրճի հրապարակ) կ՛անցնէի, նայուածք մը բաշխելով շուրջ բոլոր, այդուհանդերձ, չէի կեդրոնանար որեւէ կէտի կամ երեւոյթի վրայ, անկեղծ ըսած, սիրտ ու տրամադրութիւն չունենալով, մանաւանդ այս օրերուն («Քորոնա», տնտեսական ահռելի վիճակ, ցոյցեր եւ այլն), այլապէս շտապելով կ՛ուղղուէի դէպի աշխատավայր, որովհետեւ շրջապատի իրերն ու երեւոյթները այլեւս դադրած էին որեւէ իմաստ փոխանցելէ` ըստ ամենայնի:
Սակայն, երէկ, երբ կ՛անցնէի Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին մօտէն, պահ մը ուզեցի կանգ առնել եւ պիշ-պիշ անոր նայիլ: Յիշողութիւնս զիս տարաւ պատանեկութեան թէ քաղաքացիական պատերազմի դաժան տարիները, ապա մտաբերեցի վերջին ամիսներու ժողովրդական ցոյցերը, սղաճի ու փտածութեան դէմ արդար պոռթկումը, նաեւ այդ հրապարակին թէ հանդիպակաց թաղամասերու մէջ պատահած անախորժ եւ դատապարտելի դիպաշարերը, արուեստի ու երաժշտական միջոցառումներու նուիրուած հանդէսներ եւ այլն:
Հետաքրքրականը այն էր, որ յուշարձանը կը թուէր տարբեր ԿԵՐՊԱՐԱՆՔ ստացած ըլլար, տեսակ մը «գունաթափ» եւ «այլամերժ», ըստ երեւոյթին, այս քարեղէն պատուանդանը` խորապէս ազդուելով ներկայի կացութենէն եւ ականատես ըլլալով ողջ ժողովուրդի մը` լիբանանցի, բարոյահոգեբանական ու տնտեսական տիւ եւ գիշեր խողխողումին, ձեռամբ «պատուաբեր» պետական այրերու եւ «հայրենասէր» դրամատէրերու, որոնց հասարակ յայտարարը փտածութիւնն է լոկ, իր կարգին կ՛ողբար եւ լո՜ւռ կ՛արձագանգէր®
Պահ մը ապրելէ ետք յուշարձանին հառաչանքը, բարեւեցի(նք) ու անցայ(նք):