Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրի տնօրէն Մայք Ռայըն յայտնեց, որ աշխարհի կարգ մը մասեր սկսած են դուրս գալ «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն, սակայն ժահրը պիտի շարունակէ մեծ վտանգ մնալ, մինչեւ պատուաստ մը գտնելը:
Ռայըն «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներ տակաւին դժուար կացութեան մէջ են, սակայն այլ երկիրներ սկսան ցոյց տալ, որ կարելի է հիւանդութիւնը ձեւով մը վերահսկողութեան տակ առնել: «Այս իմաստով յոյս կայ», աւելցուց ան:
«Համաշխարհային մակարդակի վրայ կացութիւնը տակաւին շատ վտանգաւոր է, սակայն հիւանդութեան ձեւն ու ժահրի տարածման ընթացքը ներկայիս աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ իրարմէ շատ տարբեր են», ընդգծեց ան:
«Մեր սորվածը այն է, որ հիւանդութիւնը կարելի է վերահսկողութեան տակ առնել, եւ կարելի է տնտեսական ու ընկերային բնական կեանքը վերսկսիլ նոր ձեւով, մեծ զգուշութեամբ եւ մեծ զգօնութեամբ», ըսաւ ան:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրի տնօրէնը նշեց, որ Ափրիկէի, Կեդրոնական ու Հարաւային Ամերիկաներու կարգ մը երկիրներուն մէջ տակաւին «պարագաներու մագլցողական ընթացք» կ’արձանագրուի, եւ հակառակ անոր որ այդ երկիրները չեն թուիր, թէ մինչեւ հիմա մեծ խնդիրի մէջ են, սակայն քննութիւններու ապահովումը տակաւին հարց է:
Ռայըն ըսաւ, որ կարգ մը երկիրներ, ինչպէս` Չինաստանը, Հարաւային Քորէան եւ Նոր Զելանտան համաճարակի հարցով հասած են «կայուն կացութեան», իսկ Եւրոպան եւ Հիւսիսային Ամերիկան սկսած են դուրս գալ համաճարակի «սուր տարածման կացութենէն» եւ այժմ կը փորձեն անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին հաստատուած տնտեսական ու ընկերային գործունէութիւններու արգելքներէն ապահով ելք գտնել:
«Ատիկա ցոյց չտուաւ, թէ կարելի է ժահրին ամբողջովին վերջ տալ, սակայն ցոյց տուաւ, որ կարելի է հասնիլ կէտի մը, ուր կրնան զայն բաւարար վերահսկողութեան տակ առնել, կէտի մը, որ մեզի կ’արտօնէ մեր ընկերային ու տնտեսական կեանքը շարունակել», ըսաւ ան, սակայն վերահաստատեց, որ որեւէ երկիր, որ կը փորձէ սահմանափակումները մեղմացնել, պէտք է ատիկա կատարէ մեծ զգուշութեամբ: