Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան ծրագիրի կատարողականին մասին լսումներու ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հաստատեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն գերակայութիւնը կը մնայ արցախեան տագնապի խաղաղ լուծումը:
«Այս նպատակով Հայաստանը շարունակած է սերտ համագործակցութիւնը միջազգային միջնորդներու` Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ: Տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումը եւ հանդիպումներ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով: Տարուան ընթացքին կարելի դարձած է ձեռք բերել երկու պայմանաւորուածութիւն` ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու եւ խաղաղութեան համար բարենպաստ միջավայր ստեղծելու ուղղութեամբ», նշեց նախարարը:
Ան աւելցուց, որ այս պայմանաւորուածութեան շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի լրագրողներու փոխանակման այցելութիւնը: Մնացականեան նշեց, որ տարուան ընթացքին սերտ համագործակցութիւն ծաւալած է Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ` Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տարբեր մակարդակներով պարբերական խորհրդակցութիւններու ձեւով: «5 յուլիսին Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններու ծրագիր, որուն հիմամբ կը նախատեսուի 2019-2020 թուականներուն կազմակերպել կանոնաւոր խորհրդակցութիւններ արցախեան տագնապի եւ արտաքին քաղաքական հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ: 2 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի ու օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներու եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմին միջեւ խորհրդակցութիւն` երկու արտաքին գործոց նախարարներուն նախագահութեամբ», նշեց Մնացականեան:
Ան հաստատեց, որ Հայաստան յստակ ձեւով սահմանած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման իր մօտեցումները, որոնք արտայայտուած են բազմաթիւ առիթներով, ներառեալ` նախորդ տարի Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի նախարարական համաժողովին ընթացքին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք մտավախութիւն չկա՞յ, որ հայկական կողմին բան մը պարտադրուի, Մնացականեան հաստատեց, որ սպառնալիքի լեզուն չի գործեր բանակցային հոլովոյթին մէջ: «Ես` իբրեւ կառավարութեան անդամ, ունիմ լիազօրութիւն` տանելու այդ աշխատանքը: Մեր կառավարութեան ղեկավարը վարչապետն է, որ ունի լիազօրութիւն ժողովուրդին կողմէ, եւ ասով մենք կ’առաջնորդուինք, երբ կը ներգրաւուինք բանակցութեան մէջ: Մենք չենք կրնար ստեղծել իրավիճակ, երբ մեզի համար, մեր ազգային շահերուն համար կը ստեղծուի վտանգ, կը ստեղծուի անընդունելի իրավիճակ», յայտնեց նախարարը:
Ըստ անոր, հիմա այնպիսի փուլ է, որ պէտք է ուղղակի սպասել եւ պահպանել կայունութիւնը:
Նախարարը նաեւ խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` հաստատելով, որ անոր միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կարեւորագոյն օրակարգային հարցը: «Անցած տարի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ զոհերու ոգեկոչման ուղղութեամբ եղած են շարք մը միջազգային նախաձեռնութիւններ: Ֆրանսան Ապրիլ 24-ը սահմանած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր: Դատապարտման եւ ճանաչման նախաձեռնութիւններ ընդունուած են Իտալիոյ եւ Փորթուգալի խորհրդարաններուն կողմէ: 30 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը հաստատող բանաձեւ, իսկ 12 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ: 13 փետրուար 2020-ին Սուրիոյ խորհրդարանը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը», յայտնեց Մնացականեան:
Ըստ անոր, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը վաղուց ունի համամարդկային նշանակութիւն, քանի որ անոր ճանաչումը ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման ամէնէն գործուն քայլերէն մէկն է: «Այս առումով յատկանշական են վերջին շրջանին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ենթիմաստները, որոնք պայմանաւորուած են ո՛չ միայն զանոնք ճանչցած ժողովուրդներու եւ հայ ժողովուրդին միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններով, այլեւ աշխարհին եւ շրջանին մէջ նոր ողբերգութիւնները կանխարգիլելու ձգտումով: Փաստօրէն մեր շրջանին մէջ` լայն ընկալումով, ձեւաւորուած է այն գիտակցումը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը անվտանգութեան սպառնալիքը զսպող ուժ է», նշեց նախարարը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց «Քորոնա»-ի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ նախարարութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, որոնք են` արտերկրի մէջ գտնուող Հայաստանի քաղաքացիներուն վերադարձը եւ անոնց գտնուած վայրերուն մէջ հայաստանցիներուն անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկումը, բեռնափոխադրումներու անխափանութեան ապահովման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկումն ու համակարգումը, «Քորոնա»-ի դէմ պայքարին մէջ միջազգային համագործակցութեան իրականացումը:
Ան տեղեկացուց, որ գործընկերներու հետ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններուն շնորհիւ Հայաստան ներածուած են «Քորոնա»-ին դէմ պայքարին համար անհրաժեշտ առողջապահական պարագաներ, նիւթեր, սարքաւորումներ` Չինաստանէն, ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրով, տարբեր բարեսիրական հիմնադրամներէ, հայ եւ օտար անհատներէ:
Զոհրապ Մնացականեանի համաձայն, նման համագործակցութիւն իրականացուեցաւ բազմաթիւ այլ երկիրներու հետ, ատոր շնորհիւ ալ կարելի եղաւ Հայաստան տեղափոխել Հայաստանի քաղաքացիները:
Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ կազի գինին եւ Լաւրովի յայտարարութեան, որուն մէջ վերջինս կը խօսի Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն մասին եւ կը մատնանշէ Հարաւկովկասեան երկաթուղիին շուրջ դատական հոլովոյթը:
As long as Railway and Utilities Freedom Not Solved, Armenia can NOT Progress Freely.. When FREED, ALL Remaining Problems Could Find Proper Logical Way For Solution, Inclusive Ararat Freedom from Slavery.