Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի բանբեր Ալինա Նիկողոսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, թէ 4 մայիսի դրութեամբ երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 2.507-ի, որոնց 1.071-ը` ապաքինած, 39-ը` մահուան ելքով:
Ներկայիս բուժուողներուն թիւը 1.393 է, իսկ կատարուած քննութիւններուն թիւը` 24.942: