Իրաքի հիւսիսային Սալահետտին նահանգին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կատարած յարձակումին իբրեւ հետեւանք 11 անձ մահացած է: Այս մասին երէկ հաղորդեց «Ռաշըն.նիուզ.սն» կայքը:
Նահանգի իրաւապահ մարմիններէն աղբիւր մը կը յայտնէ, որ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ զինեալները շաբաթ կանուխ առաւօտեան յարձակում գործած են իրաքեան շիիական աշխարհազօրի ռազմակայանի վրայ` սպաննելով անոր անդամներէն 11¬ը: Անվտանգութեան ուժերու յայտնուելէն ետք, ահաբեկիչներու թաքնուած են:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի երէկ դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի կատարած յարձակումը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Իրաքի կառավարութեան ու ժողովուրդին` յոյս յայտնելով, որ Իրաք կը ձերբազատի «ահաբեկչական այս վայրագ փոքրաթիւ խմբակէն, որ կազմուած է կարգ մը կառավարութիւններու կողմէ եւ վայելած անոնց աջակցութիւնը»:
Ան յայտնեց, թէ պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ նահատակներուն թափած արիւնը չի կորսուիր, եւ վրէժը պիտի լուծուի այդ արեան, որ կը ծառայէ «իսլամութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան բարձրացման»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ նշեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Իրաքի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ երկրին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ կը մերժէ ու կը դատապարտէ Իրաքի կայունութիւնը քայքայելու որեւէ փորձ: