Ֆրանսայի ֆութպոլի արհեստավարժ լիկան պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Փարիզ Սեն Ժերմէն հռչակուեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեան: Անիկա 9-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ ախոյեանութեան տիտղոսին:
Այսպիսով անիկա վաղաժամ աւարտեց տարեշրջանը, երկրին ախոյեան հռչակելով մայրաքաղաքի կազմը:
Յառաջիկայ տարեշրջանին, «Չեմփինզ-Լիկ»-ի մրցաշարքին պիտի մասնակցին՝ Փարիզ Սեն Ժերմէն, Մարսէյ եւ Ռէնն, իսկ «Եւրոպայի-Լիկա»-ին՝ Լիլ, Ռեմ եւ Նիս:
Թուլուզ եւ Ամիեն կը փոխադրուին Բ. դասակարգ, մինչ Ա. դասակարգ կը բարձրանան՝ Լանս եւ Լօրիան:
Այժմ, «Լիկ-1»-ի կազմակերպիչները կը մտածեն յառաջիկայ տարեշրջանին հնարաւոր մեկնարկին մասին:
Այս լուրին հրապարակումէն կարճ ատեն մը ետք, Լիոն յայտարարեց ըսելով, որ պիտի դիմէ դատարան, բողոքելով այս անարդար որոշումին համար: