Ինչպէս ծանօթ է, որ «ՔՈՐՈՆԱ» ժահրին պատճառով, «Թոքիօ-2020»-ի 32-րդ Ամառնային Ողիմպիականի խաղերը յետաձգուեցան յառաջիկայ տարուան եւ ըստ կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան, անոր նոր թուական ճշդուեցաւ՝ 23 յուլիս-8 օգոստոս 2021-ը:
Այս խաղերուն յետաձգումը պատճառ դարձաւ, որ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն միլիոնաւոր տոլարներու կորուստ ունենայ:
Կազմակերպութեան գերմանացի նախագահը՝ Թոմաս Պախ յայտնեց ըսելով, որ բնականաբար այդ բոլոր կորուստները պարտաւոր է ինքն իր վրայ վերցնել Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն: