Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարարը երկիրի նախագահական ընտրապայքարին մէջ իր աջակցութիւնը յայտնած է նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտընին: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ»¬ը:
Քլինթըն նշած է` ինք ուրախ է «ոչ միայն պաշտպանելու Պայտընի թեկնածութիւնը», այլ նաեւ «օգնել անոր` լուսաբանելով այն բազմաթիւ հարցերուն մասին, որոնք պէտք է արծարծուին այս նախագահական ընտրապայքարի ընթացքին». «Ճօ Պայընը ամբողջ կեանքին ընթացքին այս պահուան պատրաստուած է: Վերջին 25 տարիներուն ես անոր հետ աշխատելու առաւելութիւն ունեցած եմ», բացատրած է ան:
Յիշեցնենք, որ նախքան այդ, Պայտընի իր աջակցութիւնը յայտնած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպաման:
Նախագահական ընտրութիւնը նախատեսուած է 3 նոյեմբերին: Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ` անդրադառնալով այն հարցին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ ընտրութիւնը յետաձգուի ամբողջ աշխարհի վրայ տարածուած «Քորոնա» ժահրի պատճառով, նշած էր, որ այդ մէկը անկարելի է: