ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը` մեկնելով Լիբանանի մէջ ընկերատնտեսական եւ քաղաքական ոլորտներու մէջ առօրեայ մտահոգիչ զարգացումներէն, որոշեց հարցազրոյց մը կատարել Նորա Պայրագտարեանին հետ:
Ան կը դասաւանդէ Լիբանանի պետական համալսարանին մէջ եւ նոյն համալսարանի Դոկտորական դպրոցի քաղաքական գիտութիւններու բաժինի համադրողն է, նաեւ` Լիբանանեան բանակի սպայից վարժարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժինի համադրողը: Նորա Պայրագտարեան կը նախագահէ Լիբանանի Տնտեսական եւ ընկերային վարչութեան մաս կազմող «Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան» յանձնախումբին:
ԶՈՄ.- Երիտասարդութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է դիմակալէ ներկայ մարտահրաւէրները:
ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ.- Այսօր, ինչպէս գիտէք, Լիբանանի մէջ մենք կը դիմագրաւենք այլազան մարտահրաւէրներ` տնտեսական սուր տագնապ, դրամատնային համակարգի վտանգում, 30 տարիներու սխալ կառավարման պատճառով յամեցող պարտքեր, քաղաքական տագնապներ, դրացի կամ բարեկամ երկիրներու գործօն, մեծաթիւ գաղթականներու յարուցած «բեռ»-ը, փտածութեան պատճառով պետական կառոյցներու նկատմամբ վստահութեան պակաս, որուն վրայ դժբախտաբար հարկ է աւելցնել ամէնէն վտանգաւորը` դատական համակարգի նկատմամբ վստահութեան պակաս, ինչպէս նաեւ կենցաղային կարեւոր թղթածրարներու լուծման յամեցում (ելեկտրականութիւն եւ այլն…):
Միւս կողմէ, սակայն, կարելի չէ անտեսել այն նոր էջը, որ բացուեցաւ Լիբանանի մէջ 17 հոկտեմբերէն ասդին… Այստեղ չեմ ուզեր անդրադառնալ 17 հոկտեմբերի «յեղափոխութեան» բնոյթին, պայմաններուն, անոր գծով ծագած զանազան տրամաբանական հարցադրումներուն, սակայն այդ «մեծ մասամբ ժողովրդային» շարժումը եկաւ ըսելու, թէ այս գործընթացը չի կրնար շարունակել, եւ թէ յետշարժման Լիբանանը պիտի չմնայ այն, ինչ որ էր անցեալին, այլ պիտի անցնի երկրի ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնը ճիշդ հունի մէջ դնելու ընթացքին` հակառակ բոլոր ճնշումներուն եւ դժուարութիւններուն:
Ես կը կարծեմ, թէ Լիբանան այսօր փոխանցման ճակատագրական փուլի մը մէջ կը գտնուի, իսկ նման փուլեր երկիրներու պատմութեան մէջ վճռական են, որոշիչ ու մանաւանդ խրախուսիչ ու ոգեւորող:
Մէկ խօսքով` պէտք է ըսել, թէ Լիբանանը ամբողջութեամբ նոր փուլ մը կը թեւակոխէ ու վերակերտումի ամբողջ գործընթացի մը դէմ յանդիման կը գտնուի, եւ ատոր առաջին ցոլացումը կը տեսնենք մեծաւ մասամբ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութեան մէջ, որ նախընտրեց մասնագիտութիւնը` կուսակցական պատկանելիութեան եւ աւանդական ֆէոտալական ներկայացուցչութեան փոխարէն:
Ճիշդ է, Լիբանան տակաւին կը կրէ ծանր բեռը արտաքին գործօններու, որոնք կը դանդաղեցնեն անոր յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ հինէն մնացած աւանդական մօտեցումներ տակաւին կը գործեն բեմի վրայ, տնտեսական մարտահրաւէրները բաւական ծանր են, սակայն ես կը հաւատամ դրական շրջանցումներու, որոնք կրնան Լիբանանը ապահով հորիզոններու հասցնել, մանաւանդ եթէ կարելի ըլլայ դատական համակարգը զօրացնել եւ զայն վերածել իսկապէս անկախ համակարգի:
Անցեալին Լիբանանը շատ աւելի դժուար պայմաններէ անցած է: Եթէ 1975-ի պատերազմը շինարարական «վերակերտումի» առաջնորդեց, այսօր հերթն է Լիբանանի պետական կառոյցներու վերակազմակերպման եւ արդիւնաւորման, ինչ որ բնականաբար իր դրական ազդեցութիւնը պէտք է ունենայ լիբանանցիին կենցաղին վրայ:
Հարկ է այդ բոլորին մտայղացումը ներկայացնել, իսկ ատոր տեսլականը պէտք է գայ երիտասարդութենէն ու մանաւա՛նդ ուսանողութենէն: Ուսանողութիւնը պէտք է ըլլայ նախաձեռնողը, առաջնորդողը, գնահատողը, արժեւորողը, քննադատողը, առաջարկողը ու մանաւանդ հարցադրումները դնողն ու պատկերացումները առաջադրողը: Արդեօք Լիբանանը պէ՞տք է որդեգրէ աւելի սեղմուած կամ սահմանափակ` համաձայնական ժողովրդավարութիւն մը… արդեօք հա՞րկ է բարձրացնել ապակեդրոնացեալ կառոյցներու իրաւասութիւնները, ինչպէս օրինակ քաղաքապետութեանց, թէ՞ որդեգրել վարչական ապակեդրոնացեալ ընդհանուր դրութիւն մը… Ինչպէ՞ս կարելի է վերջնական ու մնայուն լուծում տալ Լիբանանի մէջ յամեցող ելեկտրականութեան հոսանքին հարցին. ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի կազի արտաբերման ծրագիրը մնայ թափանցիկ ու չշահագործուի… Այսօր որքանո՞վ ի զօրու է «McKenzie»-ի ներկայացուցած տնտեսական ծրագիրի պատկերացումը, որուն նախկին կառավարութիւնը տրամադրեց մէկուկէս միլիոն տոլար… Այսօր պէտք է՞ դիմել Միջազգային դրամական սնտուկին եւ ի՞նչ պայմաններու տակ… ինչո՞ւ «e-government»-ի առկայ նախագիծը չի գործադրուիր Լիբանանի մէջ` ապահովելու թափանցիկութիւնը եւ կասեցնելու կաշառակերութիւն: Ուսանողութիւնը պէտք է մասնագիտական մօտեցումով դնէ այս եւ նմանօրինակ հարցադրումներ, անոնց մասին ունենայ տեսակէտ ու մանաւա՛նդ առաջնորդողի տեսակէտ:
Ճի՛շդ է, տնտեսական տագնապին բեռը մեծ է, սակայն եթէ ճիշդ քաղաքականութիւն որդեգրուի, քանի մը տարիէն կարելի է շրջանցել այս բոլորը: Այլ երկիրներու մէջ եւս տնտեսական տագնապը սուր է, սակայն պէտք չէ յուսահատիլ եւ պէտք է հաւատալ Լիբանանի ընձեռած այլ առաւելութեանց: Պէտք է հաւատալ ժողովրդային ուժով Լիբանանի վերականգնումին ու ձեր հայեցակէտներու պատկերացումներով եւ գործօն մասնակցութեամբ սատարե՛լ այդ վերելքին:
Այսպէս` երիտասարդութիւնը պէտք է.
– նախ վստահութիւն ունենայ Լիբանանի ապագային նկատմամբ
– մասնակցութիւն բերէ լաւագոյն ապագայի գործնականացման ընթացքին մէջ
– դառնայ այդ լաւագոյն ապագայի կերտման միտքն ու գործիքը:
ԶՈՄ.- Ինչպէ՞ս կը գործադրուին Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային վարչութեան առաջարկները:
Ն. Պ.- Տնտեսական եւ ընկերային վարչութիւնը Լիբանանի մէջ փոքր խորհրդարան մըն է, որուն պարտականութիւնն է կառավարութեան առաջարկով խորհրդակցական տեսակէտ արտայայտել այլազան թղթածրարներու մասին, որոնք կը ներկայացուին իրեն` կառավարութեան կողմէ:
Վարչութիւնը սերտօրէն առնչուած է կառավարութեան հետ ու անոր յանձնախումբերը կը համապատասխանեն շարք մը նախարարութեանց ու խորհրդարանական շարք մը յանձնախումբերու աշխատանքներուն հետ: Հարկ է սակայն կարգ մը բարեփոխումներ յառաջացնել տնտեսական եւ ընկերային վարչութեան ներքին կանոնագիրին մէջ, եւ արդէն իսկ անդամներն ու յանձնախումբերը պատկերացում մը գոյացուցած են այդ ուղղութեամբ: Ես առիթը ունեցած եմ ՀՅԴ-ին կողմէ մասնակցելու նաեւ առաջին հիմնադիր վարչութեան կազմին, եւ, պէտք է ըսել, թէ անցնող կառավարութիւնները զոյգ վարչութեանց պարագային ալ թերացան Տնտեսական եւ ընկերային վարչութեան տեսակէտը հայցելու իրենց պարտականութեանց մէջ ու գէթ շատ մանր թիւով թղթածրարներ փոխանցած են մեզի: Առ այդ, այս վարչութեան բոլոր անդամները, թէկուզ կամաւոր ձեւով կը մասնակցին անոր ժողովներուն, կը ջանան իրենք իմաստաւորել վարչութեան դերը: Ինչպէս գիտէք, հայ գաղութը այսօր ներկայացուած է 3 անդամներով` Յասմիկ Տանձիկեան, Մարի-Լուիզ Պապոյեան ու ես:
Ինծի վիճակուեցաւ ստանձնել Գիտութեան արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան յանձնախումբի նախագահութիւնը. նկատի ունենալով, որ մենք կը ներկայացնենք հայ համայնքը եւ պարտք կը զգանք լաւագոյն կերպով փայլեցնելու լիբանանահայութեան պատկերը վարչութեան ու անոր ճամբով կառավարութեան մէջ, աշխատանք տարի իմ յանձնախումբիս ընդմէջէն պատրաստել լիբանանեան մակարդակի ծրագիր մը, որ ընթացք առաւ այնպիսի մասնագիտական ու գիտական մօտեցումով, որ Տնտեսական եւ ընկերային վարչութեան նախագահ Շարլ Արպիտ ըսաւ, թէ վարչութեան դրօշը պիտի դնէ այս ծրագիրին վրայ` զայն գնահատելով իբրեւ վարչութեան ներկայացնելիք հիմնական արժէքներէն մէկը:
Ծրագիրը կը կոչուի «Լիբանանի յարատեւ բարգաւաճման նպատակով` գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան ազգային ռազմավարական ծրագիր», որուն մասնագիտական բնոյթ տալու նպատակով յանձնախումբը որդեգրեց մասնակցողական մեթոտը, որ կը միտի լսել ու համադրել առնչակից կողմերու տեսակէտները, որպէսզի ծրագիրը զուտ տեսական չըլլայ, այլ ըլլայ գործնական ու արդիւնաւէտ, ինչպէս նաեւ այդ նպատակով յանձնախումբը պայմանաւորուեցաւ «ԷՍՔՈՒԱ»-ի միջազգային փորձագէտի մը հետ:
Աշխատանքը ընթացաւ երեք փուլերով. Ա. փուլը ընդգրկեց 17 համալսարաններու ներկայացուցիչներ, Բ. փուլը` Լիբանանեան ուսումնասիրութեանց կեդրոններն ու Լիբանանի մէջ գործող լիբանանեան թէ օտար ընկերութիւններ, Գ .փուլը` արդիւնաբերական տարբեր մարզերու սենտիքաները:
Իւրաքանչիւր խումբի համապատասխանող տարբեր հարցախոյզերու ճամբով անոնց տեսակէտներն ու առաջարկները քաղելէ ետք, իւրաքանչիւր խումբի տրամադրուած սեմինարներով կարելի եղաւ այդ տեսակէտները քննարկել ու բիւրեղացնել:
Այսօր ծրագիրի սկզբնական բնօրինակ մը մշակուած է, ու վաւերացուած յանձնախումբին կողմէ: Ու մենք հասած էինք մեր աշխատանքի վերջին փուլին` հանդիպիլ պատկան նախարարութեանց ու խորհրդարանական յանձնախումբերու հետ, անոնց գործնական առաջարկներով` ծրագիրը բիւրեղացնելու ու դնելու իր վերջնական հունին մէջ, սակայն ծայր առին 17 հոկտեմբերի դէպքերը…
Կը յուսանք, որ այս վերջին իրադարձութիւններու շրջանցումէն ետք կրկին գործի կը լծուինք ու կ՛ամբողջացնենք ծրագիրի վերջնական խմբագրումը` ու զայն կը բարձրացնենք կառավարութեան: Ուրեմն ծրագրի գործադրութիւնը կառավարութեան պարտականութիւնն է անոր որդեգրումէն ետք անշուշտ:
Կ՛արժէ յիշել, թէ ծրագիրը մինչ այդ ներկայացուած է խորհրդարանի արհեստագիտութեան յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ` այլ առիթով խորհրդարանին մէջ կլոր սեղանի մը ընթացքին, որուն ներկայ ու մասնակից էր ներկայ վարչապետը, նախքան իր նշանակումը:
ԶՈՄ.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք հայ համայնքին ապագան ներկայ կացութեան լոյսին տակ եւ այդ առումով ի՞նչ պէտք է ըլլայ հայ ուսանողութեան դերը:
Ն. Պ.- Բնականաբար ներկայ իրավիճակը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ բոլոր համայնքներուն վրայ, նոյնիսկ մենք ականատես եղանք մէկ համայնքի մը մէջ երկբեղկումներու եւ այլազան` յաճախ հակասական կեցուածքներու որդեգրումին:
Մեր համայնքը` ի պատիւ իրեն, պահեց իր միասնութիւնը եւ մեծ գիտակցութեամբ ու կազմակերպուածութեամբ շրջանցեց այդ փոթորիկը, եկեղեցւոյ ու կուսակցութեանց հովանաւորութեամբ ու գլխաւորութեամբ վերակազմակերպեց ինքզինք: Մեր համայնքը լաւապէս արձագանգեց մարդկային կարիքներուն հասնելու պարտականութեան, որ ծայր առաւ երկու առիթներով` Արամ Ա. կաթողիկոսին տրամադրած օժանդակութեամբ եւ կուսակցութիւններու ու միութիւններու կատարած աշխուժ եւ գնահատելի աշխատանքներով:
Այս բոլորը մեզ լաւատես կը պահեն մեր գաղութի ապագայով: Ճիշդ է, որ տնտեսական գետնի վրայ դժուարութիւնները մեծ են, սակայն եթէ պահ մը յիշենք 1975-ի պատերազմին հետեւող փուլը, երբ կարգ մը շրջաններ ամբողջութեամբ աւերակ դարձան, երբ պետութեան բացակայութիւնը ապահովական լուրջ դժուարութիւններու առջեւ դրաւ լիբանանցին, եւ ռումբերու տարափը անողոք կերպով կեանքեր խլեց, բայց եւ այնպէս, հակառակ այս բոլորին, հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ կրկին:
Այսօր դժուարութիւնը այլ տարողութիւն ունի, սակայն ապահովական խնդիր գոյութիւն չունի: Զանց առնենք «Քորոնա» ժահրին պարտադրած արտակարգ վիճակը, որ ամբողջ աշխարհին կը վերաբերի եւ ոչ միայն Լիբանանի:
Եթէ լիբանանահայութիւնը ձեռք-ձեռքի տայ, ինչպէս միշտ` եկեղեցի, միութիւններ, կուսակցութիւններ ու դպրոցներ, միշտ միասնական գործեն ու շարունակեն տէր կանգնիլ մեր ժողովուրդին, մենք այս փուլն ալ կը շրջանցենք: Կը հաւատամ, որ այսօր ապագան աւելի յուսադրիչ է, քան անցեալը` որքան ալ մեծ ըլլան զոհողութիւնները:
Այսօր, 17 հոկտեմբերէն անդին, Լիբանանի երիտասարդութիւնը նժարը թեքեց դէպի բարեփոխութիւն: Բարեփոխութեան տեսլականն ու իրականացումը միշտ առկայ պէտք է ըլլան մեր մտքերուն մէջ ու մեզ քաջալերեն լաւատեսութեամբ նայելու ապագային:
Ուսանողութիւնը պէտք է մեծ պատասխանատուութեամբ դիմագրաւէ այս շրջանցումի փուլը, որովհետեւ իրեն պիտի վստահուի ապագայի ղեկավարութիւնը: Հեռու յուսալքումէ ու վանողական կեցուածքներէ, իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան մարզին մէջ պէտք է աշխատանքով իր դերակատարութիւնը հաստատէ հայ համայնքին մէջ` սատարելով կատարուած աշխատանքներուն, իր արդիականացման եւ բարելաւման դրոշմը աւելցնելով:
Սակայն ամէն բանէ առաջ հարկ է ուսման ուղին ամբողջացնել` հակառակ բոլոր պայմաններուն: Այո՛, վերջինը նախապայման է մնացեալ բոլոր նախադրեալներուն: Ոչ մէկ պատճառի համար` անտեսել կամ կիսատ լքել ձեր ուսումը: Ձեր ուսումն է ձեր ապագայի, նաեւ` մեր համայնքին յենարանը: Այսօր մասնագիտութիւնն է նախապայմանը ամէն նուաճումի` անհատական թէ հաւաքական: Նիւթականը ոչ մէկ ատեն արգելք պէտք է հանդիսանայ ուսման հետապնդման, երբ պետական համալսարանը գրեթէ ձրիաբար բարձր մակարդակի ուսում կը ջամբէ:
Ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր հայ երիտասարդներուն` աշխատանքի առընթեր առաջնորդուելու համալսարանական ուսման ուղիով, որովհետեւ անիկա կարեւոր չափանիշ է հաւաքականութեան մը կամ ընկերութեան մը յառաջընթացին: Միւս կողմէ` համալսարանական վկայականն է կտրօնը` դէպի յաջողութիւն եւ նուաճումներ:
Մենք կ՛ուզենք տեսնել հայ սպաներ` Սպայից վարժարանին մէջ, հայեր` բանակի բարձրաստիճան պաշտօններու վրայ եւ ապահովական ուժերու բարձրագոյն շրջանակներու, ինչպէս նաեւ դատական, կրթական, թէ ընդհանրապէս կառավարական համակարգին մէջ: Այս բոլորը եւ աւելին մենք ձեզմէ կ՛ակնկալենք, որովհետեւ ձերն է ապագան, ու ձեզմէ կախեալ է նաեւ հայ համայնքի ապագան:
ԶՈՄ.- Ի՞նչ է ուսանողութեան ուղղուած ձեր պատգամը:
Ն. Պ.- Այսօր ուսանողութիւնը գիտակից է ու լաւապէս գիտէ իր առաքելութիւնը: Պատմական ու ազգային նախադրեալներու պատճառով հայ ուսանողութեան ուսերուն կը դրուին յաւելեալ պարտականութիւններ:
Մենք` հայերս, միշտ ալ ուրիշներէն աւելի պատասխանատու զգացած ենք, որովհետեւ իբրեւ ժողովուրդ մենք ապրած ենք պատմական փորձառութիւն, կրած ենք անարդարութիւն, կորսնցուցած ենք մեր հայրենի հողերը… Այս բոլորը մեզ աւելի պատասխանատու կը դարձնեն, աւելի հասուն եւ աւելի նուիրեալ` մեր լուման բերելու Հայ դատի եւ հայկական պահանջատիրութեան երկար ուղիին վրայ: Մենք` իբրեւ ժողովուրդ, արդարութիւնը վերականգնելու պարտաւորութիւն ունինք եւ այդ պարտաւորութեան մէջ ուսանողութեան դերը գերակշռող պէտք է ըլլայ:
Աւելի՛ն, մեզի վիճակուած է ապրիլ հայրենիքէն դուրս, «օտար» հողերու վրայ, եւ այս մէկը մեզ կը դնէ զոյգ պարտականութիւններու առջեւ` պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնը, նաեւ ամբողջութեամբ ու հարազատօրէն ապրիլ լիբանանեան ինքնութիւնը: Առ այդ` պէտք է բացուիլ բոլոր շրջանակներուն եւ հաւասա՛ր դիրքերէ մօտենալ բոլորին. ես պիտի ուզէի այստեղ աւելցնել` հաւասարէն քիչ մըն ալ աւելի՛ն®
Պէտք չէ մնալ լուսանցքի վրայ, այլ պէտք է ըլլալ յառաջադէմ դիրքերու վրայ, ձեր մասնագիտութեամբ, ձեր ծանօթութիւններով եւ ձեր պաշտօններով` հայ համայնքի տեղն ու դերը լաւապէս պարտադրելու նպատակով: Միւս կողմէ, պէտք է գիտակցիլ միութենական ըլլալու հանգամանքին առաւելութեան: Զաւարեան ուսանողական միութիւնը դպրոց մըն է. կուսակցութիւնը` դպրոց մըն է: Բոլորս քաղած ենք այդ դպրոցի ուսուցումներէն, փորձառութիւններէն եւ աշխատանքէն: Բայց հիմնականը` պէտք է գիտնալ նաեւ տա՛լ այդ դպրոցին, ծառայել այդ դպրոցին ու աշխատիլ եւ այդ աշխատանքը ծառայեցնել հաւաքականութեան շահերուն:
Նաե՛ւ, ուսանողութիւնը առաւելութիւնը ունի մասնագիտական մօտեցումով հարցերը քննելու, իր տեսակէտին մէջ պէտք է ըլլայ առարկայական, անաչառ եւ անշահախնդիր: Ուսանողը պէտք չէ վախնայ իրմէ աւելի փորձառուին տեսակէտը հայցելու` օգտուելու անոր փորձառութենէն ու գիտելիքներէն: Ամէնէն կարեւորը սակայն` պէտք է գիտնալ ճիշդն ու սխալը զանազանել եւ քաջութիւնը ունենալ բարձրաձայն արտայայտելու. ճիշդի եւ սխալի գիտակցութիւնը ունեցողը չի կրնար լծակի վերածուիլ, այլ կը դառնայ առանցքային անձ մը: Իմ ուսանողներուս յաճախ կ՛ըսեմ. «Պէտք է տեսնել ճիշդն ու սխալը մեր մօտ եւ ճիշդն ու սխալը դիմացինին մօտ»: Այս գիտակցութիւնը ուսանողին կ՛ընձեռէ անկախութիւն եւ անկախ կեցուածք, զոր ոչ ոք կրնայ ոտնակոխել:
Վերջապէս կ՛ուզեմ խօսքս ուղղել «Զաւարեանական էջ»-ի խմբագիրներուն ու գնահատել անոնց աշխատանքը. փորձառութեամբ գիտեմ, թէ այս Էջը ընթերցողներուն մեծ հետաքրքրութիւնը կը շարժէ: Օրին զաւարեանական 4 ընկերուհիներով կը խմբագրէինք այս Էջը. կը յիշեմ, թէ էջին մէկ անկիւնը տրամադրած էինք միջազգային մամուլէն ընտրուած յօդուածի մը արտագրման, յատկապէս «Le Monde Diplomatique»-էն կամ օրուան «Foreign Affairs» պարբերաթերթերէն: Յիշողութեանս մէջ թարմ է նաեւ օրին մեծ աղմուկ բարձրացուցած թղթակցութիւն մը. հետեւելով մամուլի հիմնական դերակատարութեան, ուզած էինք թակել հայահոծ թաղերու հայ ընտանիքներուն դռները, լսելու անոնց դժուարութիւնները, կարիքները, հարցերը ու նկարած էինք օրուան, անշուշտ, ճամբան ջուրով ողողող ճայթած կոյուղիները, ելեկտրական հոսանքի թելերու անկանոն ու տգեղ պատկերները, խոնաւութեամբ պատած շէնքերու արտաքին պատերը® եւ այս բոլորը տեղ գտած էին «Ազդակ»-ի կողմէ «Զաւարեանական Էջ»-ին տրամադրուած երկու ամբողջական էջերով: Այս թղթակցութիւնը այնպիսի աղմուկ բարձրացուցած էր, որ օրուան շրջանի քաղաքապետը կապ հաստատած էր մեզի հետ` խնդրելով իրեն հետ հարցազրոյց մը ունենալ, որպէսզի լուսաբանութիւն տրուի արծարծուած հարցերուն մասին: Այսպէս ուսանողութիւնը պէտք է ըլլայ հարցերը բարձրացնողը, հարցերուն լուծում առաջադրողը եւ զանոնք յառաջ տանողը:
Մամուլի օգտագործումը ինքնին շատ կարեւոր է նաեւ զաւարեանական ուսանողներու մտաւորական ձիրքերու կազմաւորման մէջ: Գնահատելի է մեր հայ մամուլը եւ Էջի պարագային` «Ազդակ» օրաթերթը, որ տեղ կը տրամադրէ ուսանողութեան յօդուածներուն ու տեսակէտներուն:
Վերջապէս ուսանողութիւնը պէտք է գիտակցի, թէ կը զատորոշուի այն կէտով, թէ ան իր տեղը կրնայ գտնել, նոյնիսկ եթէ երբեմն իրեն տեղ չտրուի:
Այս իմաստով է, որ հայ ուսանողութիւնը գիտակից պէտք է ըլլայ իր յատուկ դերին, մանաւա՛նդ գաղափարական կազմաւորում ստացած ուսանողութիւնը, որմէ շատ բան կ՛ակնկալէ հայ ժողովուրդը: