Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը
Կը Հասնի 721-ի, Մահուան Պարագաները Կը Մնան 24,
Իսկ Բուժուածները` 145
«Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու պայքարի շրջագիծին մէջ երէկ լիբանանցի պետական պատասխանատուներուն եւ բժիշկներու սենտիքային կողմէ հնչեցին համաճարակին լրջութեան գիտակցելու եւ զգօնութեամբ վարուելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 721-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 4 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 3-ը Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներ են, իսկ մէկը` Պէյրութ ժամանած արտերկրի լիբանանցի մը:
Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 24 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 145 ուրիշներ` բուժուած:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի հիւանդանոցները 30 տարիէ ի վեր լուրջ հարցեր կը դիմագրաւեն: Ան շեշտեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն լիբանանցիները համագործակցութեան կարիք պիտի ունենան, իսկ ով որ կը փափաքի զիջիլ, ապա վստահ պէտք է ըլլայ, որ այն ապագան, ուր մենք կ՛ուղղուինք` փտածութենէ զուրկ է:
Ան հաստատեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան հիմնական կարգախօսը պիտի ըլլայ այն, որ անոնք իրենց պարտականութիւնը կատարեն, առանց թիւերէն խաբուելու, «որովհետեւ որեւէ բացթողումի պարագային կրնանք աղիտալի կեցուածքներու դէմ յանդիման գտնուիլ», ըսաւ նախարարը: Հասան յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը առողջապահական մարզին յատուկ սարքերը կ՛ապահովէ` թափանցիկութեան յանձնառութեամբ:
Նախարարը ընդգծեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու առումով որդեգրուած նախազգուշութիւններուն կառչած պէտք է մնալ: «Մենք ճիշդ ուղիին վրայ կը գտնուինք, եւ ցուցարարներուն ուղղելով մեր խօսքը կը հաստատենք անոնց պահանջներուն արդարացիութիւնը: Բայց եւ այնպէս պէտք չէ նախազգուշութիւններուն նկատմամբ թոյլ վերաբերում ցուցաբերել: Մեր գրաւը մեր բազուկներուն, գիտակցութեան եւ պետութեան բարգաւաճման միացեալ տեսլականին վրայ է», եզրափակեց ան:
Իր կարգին, բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած յաջողութիւնը չի նշանակեր, թէ լիբանանցիները անցում կատարած են ապահով ժամանակաշրջան: Ան հաստատեց նախազգուշութիւններու դիմելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ անոնց յանձնառու չմնալը վտանգաւոր է եւ կրնայ ձախողութեան մատնել լիբանանցի քաղաքացիներուն առողջութիւնը պահպանելու համար որդեգրուած ծրագիրը, որ ցարդ յաջող է:
«Այս համաճարակին բուժումը կը կեդրոնանայ նախազգուշութիւններուն մէջ, որովհետեւ անոր տարածման պարագային մենք զայն կասեցնելու կարողութիւն պիտի չունենանք: Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` նախանձախնդիր ըլլալու, գիտակցութեամբ, պատասխանատուութեամբ գործելու ու համախմբումներէ հեռու մնալու», ըսաւ Ապու Շարաֆ:
Նշենք, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանյամ Ճայշանքարէն, որ դրուատեց «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու առումով Լիբանանի կառավարութեան ջանքերը` ընդգծելով «Քորոնա»-ի համաճարակը անցընելէ ետք փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը` դիմադրելու համար «Քորոնա» ժահրին պատճառած հետեւանքներուն: