«ԻՍԼԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՖԵԼԹՄԱՆ
By adminx - Wed Jan 11, 7:21 am
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Ճեֆրի Ֆելթման եգիպտական «Մասրի Եոմ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Եգիպտոսին ամերիկեան օժանդակութեանց խոստումներու գործադրութեան ուշացումին պատճառը Միացեալ Նահանգներու մէջ դիւանակալութիւնն է, որ Եգիպտոսի մէջ սովորամոլութեան նման է: Ան վստահեցուց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ Եգիպտոսին օժանդակելու կերպերը պիտի քննարկէ` աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգներ Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Համաշխարհային դրամատան մէջ իրենց ազդեցութիւնը պիտի օգտագործեն Եգիպտոսին օժանդակելու համար»:
Ինչ կը վերաբերի քաղաքացիական կազմակերպութիւններու կեդրոնատեղիներու խուզարկման հարցին, Ֆելթման ըսաւ, որ անիկա պէտք չէ ազդէ Ուաշինկթընի եւ Գահիրէի երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ` նշելով, որ իր երկիրը կատարեալ կերպով կը գիտակցի, որ եգիպտացիները կ՛ուզեն իրենց ապագան ճշդել առանց արտաքին միջամտութեան:
Նշենք, որ Եգիպտական իշխանութիւնները վերջերս եգիպտական բազմաթիւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններ ամբաստանած էին ապօրինի արտաքին օժանդակութիւններ ստանալու յանցանքով:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականը յայտնեց, որ «Իսլամ եղբայրներուն հետ երկխօսութիւնը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի, սակայն սալաֆականներու հետ կապը խորհրդարանին մէջ իրենց յառաջիկայ վարմունքէն եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն նկատմամբ իրենց յանձնառութենէն կախեալ է»:
Միւս կողմէ, Իսլամ եղբայրներու անդամ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Մասրի Եոմ»-ին յայտնեցին, որ շարժումի քաղաքական թեւը` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը կը ջանայ խորհրդարանական այլ կուսակցութիւններու հետ դաշնակցիլ, որպէսզի խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ապահովէ, սահմանադրութեան հաստատումէն ետք համախոհական կառավարութիւն կազմէ եւ նախագահական վարչակարգը փոխարինէ խառն վարչակարգով, որ խորհրդարանական մեծամասնութեան կ՛արտօնէ կառավարութիւնը կազմել:
Աղբիւրները վստահեցուցին, որ կուսակցութիւնը չի ջանար, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը իր անունը կրէ, յանձնառու է համախոհական կառավարութեան մը կազմութեան, որպէսզի մինակը պատասխանատուութիւն չկրէ: Աղբիւրները կը նշեն, որ կուսակցութիւնը ծառայողական նախարարութիւնները պիտի ստանձնէ:
Աղբիւրները կը նշեն, որ իսլամական կուսակցութիւնը այս ուղղութեամբ հանդիպումներ կ՛ունենայ Արդարութիւն կուսակցութեան նման ազատական կուսակցութեանց հետ եւ յառաջիկային պիտի ջանայ Ուաֆտ, Ուասաթ, Կառուցում եւ բարգաւաճում կուսակցութեանց նման այլ կուսակցութիւններու հետ համաձայնութիւն գոյացնելու:






