«ԹՈՒՆՈՒԶ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿՐՆԱՅ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՐԴ ՄԸ ԸԼԼԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ՎԵՍԹԸՐՖԵԼԷ
By adminx - Wed Jan 11, 7:19 am
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթըրֆելէ Հիւսիսային Ափրիկէ կատարած իր շրջապտոյտի վերջին հանգրուանին ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Թունուզի նախագահ Մունսեֆ Մարզուքիի հետ:
Վեսթըրֆելէ Թունուզ կ՛այցելէր յեղափոխութենէն ետք այդտեղ ստեղծուած կացութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատման ուղղութեամբ Թունուզի տարած ջանքերուն մասին պատկերացում մը գոյացնելու համար:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը այդ ուղղութեամբ Թունուզի արձանագրած յառաջդիմութիւնը քաջալերական նկատեց եւ յայտնեց, որ «եթէ ժողովրդավարական հոլովոյթի ամրապնդում տեղի ունենայ, Թունուզ շրջանին մէջ կրնայ յառաջդիմութեան բնորդ մը դառնալ»:






