ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԲՈՂՈՔԻ ՆԱՄԱԿԸ` «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.» ԿԱՅԱՆԻՆ
By adminx - Wed Jan 11, 7:09 am
Արձագանգելով նախանցեալ օր «Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ պատկերասփռուած` պատմական հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութեանց «Մաքրիզի» կեդրոնի տնօրէն Հանի Սիպահիի հետ զրոյցին, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան կայանին յղեց բողոքի նամակ մը, որուն ընդմէջէն ընդվզում յայտնեց եւ դատապարտեց կայանի կեցուածքը:
Ստորեւ բողոքի նամակին բովանդակութիւնը.
«Յարգելով հանդերձ մտքի եւ խօսքի ազատութիւնը` համոզուած եմ, որ նման տեսակէտներ հետեւանք են այդ անձնաւորութեան տգիտութեան, հայ ժողովուրդին ու Հայ դատին դէմ չարիք հասցնելու անոր միտումին, ինչպէս նաեւ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան ուրացումին:
Ժողովուրդ մը, որ ենթարկուած է օսմանցի թուրքերուն ցեղասպանութեան եւ պատմական այս ահաւոր իրողութեան պատճառով պարտադրաբար տարածուած է Արեւմուտքի եւ արաբական աշխարհին մէջ, ինչպէս` Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Իրաքի, Պաղեստինի եւ այլն:
«Նման անձնաւորութիւն մը հիւրընկալելը ցոյց կու տայ նաեւ կայանին կանխատրամադրուածութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ, որովհետեւ հիւր անձնաւորութեան կեցուածքները յստակ են եւ նախապէս հրապարակուած են իր իսկ կայքէջին վրայ: Սա կը նշանակէ, թէ կայանը նաեւ մեղսակից դարձած է հայութիւնը վարկաբեկելու արարքին. հայ ժողովուրդը, որ անցեալ դարուն սկիզբը ենթարկուած է մարդկային մեծագոյն աղէտին եւ անոր դատը տակաւին կը սպասէ Օսմանեան կայսրութեան օրինական ժառանգորդ` Թուրքիոյ ճանաչումին եւ հատուցումին:
«Տեղեկատուութեան նպատակը պէտք է ըլլայ վսեմ եւ ծառայէ մարդկութեան արդար դատերուն, եւ ոչ թէ ժողովուրդները եւ ճշմարտութիւնը բացայայտելու անոնց արդար պայքարը դիտմամբ վարկաբեկելու նենգութեան»:





