Թենիսի Ուիմպըլտընի մրցաշարքին կազմակերպիչները,ապահովագրական ընկերութիւններէն պիտի ստանան 141 միլիոն ամերիկեան տոլարի փոխհատուցում,«ՔՈՐՈՆԱ» ժահրին պատճառով մրցաշարքին ջնջուելուն համար,յայտնեց «Տը Սան»-ը:
Ուիմպըլտընի մրցաշարքը,17 տարի շարունակ,կատարած է տարեկան 2 միլիոն տոլարի ապահովագրական վճարումներ:Անոնց պատճառով է որ,անիկա պիտի ստանայ փոխհատուցումը:
Նախորդ տարիներուն,Ուիմպըլտընի մրցաշարքին եկամուտը կազմած էր շուրջ 300 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Ուիմպըլտընի 134-րդ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 28 յունիսէն 11 յուլիս 2021-ին:
Այս տարի անոր մեկնարկը նախատեսուած էր՝29 յունիսին: