«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց
քաջալերուեցէ՛ք‚ որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»:
Յովհն. 16:33
Թէեւ արտասովոր պայմաններու մէջ կը դիմաւորենք Ս. Յարութեան տօնը, այլ սակայն լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն զատկական աւետիսը փոխանցելու եւ տագնապող հոգիներուն խաղաղութիւն բերելու բաղձանքով, կու գամ Յովհաննու Աւետարանի բառերով ըսել.
-«…Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ մեր Տէրը յաղթեց աշխարհին»:
Սակայն, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ քաջալերուիլ: Այսօր, Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, ամայի են մեր եկեղեցիները, մեր շուրջ ամայացած են երբեմնի բանուկ ճամբաներն եւ փողոցները ու կարծէք ամբողջութեամբ դատարկուած են մարդկային եռուզեռով յորդող աւաններն ու քաղաքները:
«Աշխարհի մէջ նեղութեանց պիտի հանդիպիք» կ’ըսէ մեր Տէրը. եւ ահաւասիկ, խելայեղ արագութեամբ ընթացող մեր առօրեային մէջ, յանկարծ մեր կեանքին անիւը անսպասելիօրէն խրեցաւ անորոշութեան տիղմին մէջ ու ամէն բան կանգ առաւ մեր շուրջ:
Անթափանցելի խորհուրդներով լեցուն է մեր կեանքը. եւ որքա՜ն դիւրաբեկ է մեր աշխարհը: Որքա՜ն անապահով են գիտութեան նուաճումներու եւ քաղաքակրթութեան բարձրակէտին հասած մեր միջավայրին պայմանները, որքա՜ն խոցելի է տակաւին մարդկութիւնը, եւ որքա՜ն խախուտ են մինչեւ երէկ վստահութեան գրաւական նկատուող մեր աշխարհի կարգերը:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Որեւէ ժամանակէ աւելի, այսօր կարիքը ունինք քաջալերանքի ու մխիթարութեան: Այս օրերու մշուշապատ պայմաններուն մէջ, երբ առաւելաբար ամէն մարդ կլանուած է իր անձով ու իր ապրուստին հոգերով, յարուցեալ Քրիստոս դարձեալ կը յայտնուի մեր կեանքին մէջ, որպէսզի իր ներկայութեամբ փարատէ մեր ապրած անստուգութիւններն ու անորոշութիւնը եւ մեզ տանի դէպի յաղթական յարութեան կեանք: Սակայն այդ կեանքին հասնելու համար, անհրաժեշտ է ունենալ այնպիսի հաւատք, որ Աւետարանի հասկացողութեամբ կրնայ լեռները շարժել. հաւատք, որ կրնայ կեանքին բեռը վստահութեամբ Աստուծոյ գերագոյն ուժին փոխանցել:
Հետեւաբար, Զատկական տօնին առիթով, նորոգուած յոյսով քաջալերուինք եւ յիշենք, որ քրիստոնէութիւնը նեղութեանց, տառապանքին ու յուսահատութեան դէմ յաղթանակ տանելու կրօնն է: Քաջալերուինք, որպէսզի, ճանչնանք Աստուծոյ կամքը եւ մեր գոյութիւնը վերածենք յաղթանակի: Քրիստոնէութիւնը, միայն քարոզ ու Աւետարանի պատմութիւն չէ, այլ նաեւ Աստուծոյ պարգեւած սրբութիւններուն միջոցով կերտուելիք կեանքի ձեւ, որ եթէ ապրուի հաւատարմութեամբ, Յիսուս Քրիստոսով կը դառնայ յաղթական կեանք` նոյնիսկ Գողգոթայէն ու խաչէն անդին երկարող անմահ կեանք:
«Այսուհետեւ ձեր ուշադրութիւնը երկինք դարձուցէք», կ’ըսէ Պօղոս առաքեալ (Կղս. 3:1-2), որովհետեւ աշխարհի արժէքները խաբուսիկ են ու ժամանակաւոր:
Զատիկ է դարձեալ մեր աշխարհին մէջ: Թող սթափին աշխարհի հարցերով ծանրաբեռնուած սրտերը, որպէսզի մեր նմաններուն մէջ տեսնենք Աստուծոյ պատկերը եւ ուրիշներուն կարիքներուն մէջ գտնենք աշխարհին մէջ մեր ունեցած պարտականութիւններուն բաժինը: Եւ յիշենք, որ տագնապի մէջ միայն Աստուծոյ ներկայութիւնը կրնայ խաղաղեցնել մեզ:
Մարդկային մեր կեանքը միշտ ալ լեցուն է տագնապներով, բայց այդ տագնապներուն մէջ մենք պէտք չէ հեռանանք Աւետարանի ճշմարտութիւններէն ու աշխարհի մէջ պէտք չէ կորսնցնենք մեր Տէրը: Բաւարար չէ տաղաւարէ տաղաւար ու հարսանիքէ հարսանիք եկեղեցի երթալը: Քրիստոնեային կեանքը Քրիստոսով փոխանցուած արժէքներու պաշտպանութեան համար շարունակաբար մղուող պատերազմ է, որուն մէջ իւրաքանչիւրս ունինք մեր պարտականութեան բաժինը:
Ուստի սթափինք եւ զգանք, որ կեանքին հանդէպ մեր արձանագրած շեղումները չեն կրնար անհետեւանք մնալ: Ժամանակն է անդրադառնալու, որ մեզ շրջապատող հաճոյքները, ժամանցի եւ անխոհեմ զուարճութեան վիճակները, ընչաքաղցութեան անվերջ տենչն ու ախորժակները չեն կրնար առանց հետեւանքի մնալ: Յատկապէս այս օրերու պայմաններուն մէջ սթափինք ու գիտակցինք, որ ֆիզիքական ապահովութեան կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ պայքարիլ մեր հոգիին համար եւ զայն պաշտպանել բոլոր տեսակի երեւելի ու աներեւոյթ վտանգներէն ու միաժամանակ` պայքարիլ մեր ազգային արժէքներուն պահպանութեան համար, որպէսզի նաեւ բարոյական սնանկութիւն չստեղծուի մեր կեանքին մէջ:
Հետեւաբար, մէկդի վանենք մեր մոլութիւնները եւ իբրեւ Աստուծոյ սիրոյն ու ողորմածութեան արժանացած հաւաքականութիւն, մէկս միւսին աջակից եւ զօրակից մնալով, հասնինք մեր ժողովուրդի ծով կարիքներուն ու քրիստոնէական հաւատքի ներգործութեամբ, յաղթական շունչ տարածենք մեր շրջապատին մէջ:
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, սրտանց կ’ողջունեմ թեմիս հոգեւորականաց դասը, ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու, համայնական մեր կեանքին մէջ գործող կառոյցներու ու մարմիններու պատասխանատուները եւ մեր սիրեցեալ ժողովուրդի բոլոր զաւակները` բարձրօրէն գնահատելով լիբանանահայ մեր կեանքի յարատեւութեան համար բոլորին կողմէ թափուած անթիւ ու անհատնում ճիգերը:
Կ՛աղօթենք, որ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը դարձեալ պայծառակերպէ մեր կեանքը եւ մեզ առաջնորդէ յարութեան յոյսին:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս:
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ
Ապրիլ 2020