Անգլիական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը յայտնեց,որ լոնտոնեան Թոթենհամ ֆութպոլի ակումբը,խախտելով Անգլիոյ կառավարութեան որոշումը,վերսկսած է իր փորձերուն:
Ակումբին ֆութպոլիստները մարզուած են առանձին խումբերով,բայց պահելով անհրաժեշտ ֆիզիքական հեռաւորութիւնը:
Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած խումբը,բոլոր խումբերուն նման,ըստ օրէնքի,չէր կրնար իր փորձերուն սկսիլ մինչեւ յառաջիկայ 14 ապրիլ:
Այս մէկին ի տես,Անգլիոյ իրաւապահ մարմինները,շատ հաւանական է,որ պատասխանատուութեան ենթարկեն Մուրինիոյին: