ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Փոմխան զատկական պատգամի, սրտի խօսք սիրելի ժողովուրդիս, մեծին եւ փոքրին, երիտասարդին եւ երիտասարդուհիին, հարուստին եւ աղքատին, ղեկավարին եւ մշակին, կղերականին եւ աշխարհականին, մտաւորականին ու հողագործին, բոլորին:
Դեռ պատանի, կը յիշեմ, մեծ մայրս` Շուշան Նէնէն, որ մեզի դռկից էր, հաւեր կը պահէր, որոնց հաւկիթները կը խաշէր կամ կը տապկէր մեզի: Տարի մը, գարնան օրերուն, ան, առաւօտեան ժամէն վերադարձին, այլայլած դէմքով, հեռուն սեւեռելով կծկուած աչքերը, մտահոգ ու տարօրինակ շեշտով մը ըսաւ. Չէուր ինկէյըծ ը հաւէյր (Չարը ինկած է հաւերուն մէջ): Գիւղին հաւերը, հոս ու հոն, կը սատկէին: Այն ատեն, դեռ փոքր, չէի հասկնար մեծ մօրս մտահոգութիւնն ու այդ խօսքը: Բայց գիւղին հաւերը կը սատկէին: Մեծ մայրս, որ ամէն առաւօտ թառին դուռը կը բանար, որ հաւերը դուրս գան արածելու, այդ տարի փոխեց սովորութիւնը եւ սկսաւ հաւերուն կեր տալ իր ձեռքով, թառին մէջ, որպէսզի հաւերը դուրս չգան իրենց բոյնէն եւ չբռնուին գիւղ սողոսկած չարէն:
Հիմա, ամիս մըն է, որ ինքնաբանտարկութեան մէջ եմ իմ բոյնին մէջ, եւ ոչ միայն ես, այլ ամբողջ գիւղը, եւ ինչու չէ` ամբողջ աշխարհը եւ մտմտուքներու մէջ կ՛անցընեմ ժամերս եւ օրերս, երբեմն հեռատեսիլին առջեւ անընդհատ կը լսեմ նոր բառ մը` Գորոնավիրուս: Բառը կը կրկնուի ու կը կրկնուի: Ճարակ մըն է, Կը խօսուի անոր վնասներուն մասին երկրէ երկիր, ամբողջ աշխարհի մէջ, վարակիչ հիւանդութիւն, մահ եւ կոչ, որ մարդիկ մնան իրենց տանը: Գիտնականացած աշխարհը անպատրաստ է ու խուճապահար: Եւ ահա մտքիս մէջ անընդհատ կը կրկնուի մեծ մօրս խօսքը ու անձայն ես ալ կը կրկնեմ. չարը ինկած է հաւ… ներողութիւն մարդոց մէջ, մեծ մայրս, եթէ ողջ ըլլար, պիտի ըսէր Չէյուր ինկէյըծ ը մարդաք: Չարը ինկած է մարդոց մէջ եւ կեանքեր կը խլէ: Ան սուսիկ փուսիկ, առանց երեւալու կը մտնէ մարդոց մէջ ու աւեր կը գործէ: Աշխարհը շփոթի մէջ է ու կեանքը ձեւով մը կանգ առած է ամենուրեք: Մեր սրբազան պապերու ախտորոշած աներեւոյթ թշնամին է, որ կանգնած է մեր բոլորին դռան առջեւ: Ուրկէ՞ կու գայ, ինչպէ՞ս ներս կը սողոսկի, յայտնի չէ, բայց յայտնի է որ ամէն օր նոր վարակներ կը յայտնուին ու ոմանք մահուան քունին մէջ կը մտնեն: Ան չի խնայեր ոչ մէկուն, ոչ մեծին եւ ոչ փոքրին, ոչ երիտասարդին եւ ոչ երիտասարդուհիին, ոչ հարուստին եւ ոչ աղքատին, ոչ ղեկավարին եւ ոչ հետեւակին, ոչ առողջին եւ ոչ հիւանդին, ոչ հոգեւորականին եւ ոչ աշխարհականին: Աշխարհը իր բնական հունէն դուրս ինկած է, ձեւով մը կանգ առած է: Վախի վարակ մը կայ ամէն տեղ, այդ նոր վարակի կողքին:
Չարը մեր դռանն է, տունը մնացէք, կը լսեմ:
Բայց, կը մտմտամ, չարը ե՞րբ կը յաղթէ, ինչպէ՞ս կը յաղթէ… ինչպէ՞ս կը մտնէ մարդոց մէջ եւ իր աւերները կը գործէ անձայն ու աներեւոյթ…
Չարը այն ատեն կը տիրապետէ, երբ բարին կ՛իյնայ իր աթոռէն եւ հոն կը բազմի չարը: Չարը այն ատեն կը յաղթէ, երբ բարին կը նահանջէ եւ աւելի ճիշդը, երբ կը վերանայ մարդոց մէջէն, տեղը պարապ ձգելով:
Եթէ մարդոց մէջ բարին թագաւորէ, չարը կը մնայ անթագ, ու գլխիկոր կը հեռանայ: Երբ բարին տիրապետէ, ինք կը մեկուսանայ ու ինքն իր մէջ կը կծկուի, ինչպէս հիմա մենք մեկուսացած ենք եւ մեր մէջ կծկուած` չարին վախէն կլանուած: Բայց չարը կայ , միշտ կայ ու առիթի կը սպասէ, որ յարձակի եւ իր աւերները գործէ: Ահա թէ ինչու եկեղեցին օրուայ մէջ քանիցս կը կրկնէ. «Փրկէ մեզ երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիէն:
Ու պարտադիր առանձնութեանս մէջ կը մտմտամ: Կը ջանամ անցնող յիսուն տարիները փորփրել, ինչպէս հաւը հողը կը փորփրէ ուտելիք մը ճառելու եւ կեանքը շարունակելու համար: Ճիշդ է, երբ պատանի էի, մոմի եւ ճրագի աղօտ լոյսին տակ կ՛անցնէին օրերս, ուտելիքի պակաս, հագուստի պակաս, վայելքի չգոյութիւն էր ամէն կողմ: Բայց կը յիշեմ, երբ տէր հօր շուրջ հաւաքուած կ՛ըլլայինք եկեղեցի, այն ատեն տախտակաշէն, որքան մամիկներ ու պապիկներ, երիտասարդ ծնողներ միշտ անպակաս էին, իրենց մոմը վառելու եւ աղօթքը մրմնջելու եկած: Կը յիշեմ ու կը վերբերեմ, որ այն ատեն գիրքերը ձեռքերու մէջ, կը խօսէին, կը պատգամէին: Կը յիշեմ, երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ թատրոններ կը սարքէին, ու ժողովուրդը երբ դուրս կու գար պարզունակ սրահէն, փառք կու տար, որ շինիչ ու պարարտ պահ մը ապրեցաւ: «Հոգեւոր ի՞նչ համով կերակուր մը հրամցուցին մեզի այս տղաք-աղջիկները», իրարու մը փսփսային հանդիսականները, «այդ ինչ աղուոր հայերէն կը խօսէին», կ՛ըսէին ու կը քալէին:
Այդպէս էր այն ատեն, նախակրթարաններու մէջ բաւական հայերէն կը սորվէին աշակերտները, հայերէն երգ կը սորվէին, եկեղեցի յաճախել կը սորվէին, աղօթել կը սորվէին: Մամիկներ ու պապիկներ, կը յիշեմ, իրենց խնայած դեղին ոսկիները կը նուիրէին եկեղեցիին ու դպրոցին, գիտակցելով, որ իրենց եւ ընտանիքներուն կոկորդէն կը կտրէին ու կը նուիրէին: Այդպէս պահած ենք մեր վանքերն ու եկեղեցիները, մեր սրբատեղիներն ու դպրոցները, երբ թագաւորութիւն չունէինք, պետութիւն ու խնամատար չունէինք: Արտաքին, երեւելի թշնամին յաճախ կ՛անհանգստացնէր մեզ: Յարձակում, ասպատակութիւն, չարչարանք, առեւանգում ու թալան անպակաս եղած են մեր գլխէն: Բայց մնացած ենք, տոկացած ենք, ապրած ենք ու ստեղծագործած ենք:
Ապրած ենք աղօթքով, ապրած ենք գիրքով, ապրած ենք երգով ու ձիրքով, ապրած ենք տաղանդով ու կիրքով: Մանաւանդ ապրած ենք սիրով, նուիրումով, նուիրաբերումով ու զոհաբերութեամբբ, միշտ շնորհակալ ըլլալով Աստուծոյ:
Այն ատեն խորհուրդ մըն էր եկեղեցին, եկեղեցւոյ կոչնակը ուրիշ խորհուրդ մը ունէր հոգեթով, ընտանիքը սրբութիւն մը կը բուրէր, դպրոցը զուարթ մթնոլորտ մը կը պարզէր: Պապիկ եւ թոռնիկ իւրայատուկ յարգանք ունէին, երիտասարդ երիտասարդուհի մագնիսական սէր մը կը ցուցաբերէին, իրարու հանդէպ աներեւոյթ եւ ուժեղ կապ մը կար, մէկ խօսքով կեանքը եռուն էր, լեցուն էր բարիով, բարիքով եւ տեղ մը պարապ չկար, որ առիթ տար չարին գաղտագողի թափանցման:
Ու մտմտուքներս կը վերափոխուին տեսարաններու: Ու կը տեսնեմ մեր սիրասուն ձագերը, որ մէկ կողմ լքելով մայրենի լեզուն, ուրիշ լեզուներ սորվելով կը պարարտանան, բայց մայրենի լեզուին տեղը պարապ մը կը ստեղծեն, ուրկէ չարը կը սպրդի ներս ու կը կրծէ մեր ազգային պարարտ հարստութիւնները: Աչքիս առջեւ օր աւուր կը պարզուին ճեղքերը մեր օրհնուած օճախներուն, ուրկէ մուտք կը գործէ չարը եւ կը լափէ ամէն սրբութիւն եւ օրհնութիւն: Կը տեսնեմ մեր վարժարաններուն մէջ հետզհետէ պարզուող դատարկութիւնը, ուր չարը թափանցելով կը ջնջէ մեր կրօնական եւ բարոյական գանձերը: Կը տեսնեմ եկեղեցիները, ուր յաճախ կիսադատարկ նստարաններուն վրայ, չարը կը պղծէ մեր մայրենի խորհուրդներրը: Ամէն տեղ, ամէն ինչ դարձած է ձեւական, ցուցադրական: Օդին մէջ խօսք ու ցնդող քարոզ: Ամէն ինչ դարձած է կեղծ, խոտոր մեր իսկական պատկերին, հարազատ նկարագրին եւ իրական խորքին: Ամէն տեղ եսասիրութիւն, եսամոլութիւն, անիրաւութիւն եւ առ երես սէր ու ներքին ատելութիւն: Ամէն տեղ չարաշահութիւն եւ իրաւազրկում, կաշառակերութիւն: Ամէն տեղ ոխակալութիւն, բամբասանք ու հայհոյանք… Ո՞ր մէկը ըսեմ, ո՞ր մէկը խոստովանիմ, զի անթիւ են… ու հարցերը կը կուտակուին.
Ո՞ւր է ջինջ հաւատքը, ո՞ւր է անկեղծ սէրը, ո՞ւր է աստուածահաճոյ գութը, ո՞ւր է կեցուցիչ ողորմութիւնը, եղբայրասիրութիւնը, մարդասիրութիւնը: Ո՞ւր է նահատակներու ժառանգ ժողովուրդը, մամիկը, պապիկը, երիտասարդը, պատանին: Ինչո՞ւ չեն տեսնուիր ու չեն երեւիր մտապատկեր տեսարաններուն վրայ: Վստահաբար բացակայ չեն, բայց փոխակերպուած են ուրիշ տեսանելի եւ անտես այլանդակութիւններով: Ու դարձեալ աչքերուս առջեւ կը յայտնուին եւ կ՛արձանանան առաքեալներ ու հայրեր իրենց պարզ բառերով ու դասերով. «գայթակղութեան առիթ մի տաք, ոչ փառասիրութեամբ եւ ոչ պճնասիրութեամբ, ոչ շռայլութեամբ եւ ոչ ժլատութեամբ, ոչ անարդարութեամբ եւ ոչ աչառութեամբ, ոչ ագահութեամբ եւ ոչ արծաթասիրութեամբ» կը գոչէ մեր հայրերէն մէկը, եզրակացնելով, «որովհետեւ չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է (Տիմ. 6.10):
Այո՛, ամէն մարդ մարդավայել եւ օրուայ համաձայն ապրելու իրաւունք ունի, բայց անկէ անդին, երբ կարող է, պէտք է խորհի աստուածասիրութեան, ողորմութեան, եղբայրասիրութեան, մարդասիրութեան, եւ դեռ` ազգայնասիրութեան, մշակութասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ արդարութեան մասին, որոնցմէ յաճախ պարպուած ու հեռացած կ՛երեւինք:
Ահա չարը անգամ մւ եւս մեր դռանն է… Վստահաբար մեր գլուխէն պիտի նետենք այս փորձանքն ու փորձութիւնը եւս, պիտի փարատի ճարակող հիւանդութիւնը եւ պիտի հեռանայ տարածուող վախը: Բայց անկէ անդին խորհելով, հետամուտ ըլլանք, որ մեր օճախներուն մէջ այսուհետեւ միշտ թագաւորէ բարին: Հոն մշտական ներկայութիւն ըլլան Աստուած եւ անոր բոլոր սուրբերն ու նահատակները: Հոն ճռուողէ մեր մայրենին, հոն խօսի եկեղեցին, հոն ծաղկի հայրենիքը, հոն փայլի դպրոցը…
Հայկի եւ Լուսաւորչի հարազատ ժառանգորդներ, նահատակներու արիւնակից քոյրեր ու եղբայրներ, կ՛աղաչեմ, կ՛աղերսեմ ու կը պաղատիմ, այլակերպուած ու պայծառակերպո՛ւած դուրս եկուր այս անակնկալ մեկուսարանէդ եւ երթդ ըլլայ առողջ ու հաստատ, Տիրոջ` Քրիստոսի պայծառ ու յաղթական երթին քայլերով:
Թող շնորհաբեր Ս. Զատիկը փարատէ հիւանդութիւններն ու վանէ վախը աշխարհէն:
Աղուոր զուգահեռներով պա’րզ, համո’վ եւ թելադրող գրութիւն՝ հաճոյքով կարդացուող…
աղուոր զուգահեռներով պարզ, համով ու թելադրող գրութիւն՝ հաճոյքով կարդացուող…