Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ ազգային առաջնորդարաններուն անունով փափաք յայտնուած է Եգիպտոսի մէջ սփիւռքի նախարար, դեսպան Նապիլա Մաքրամ Ապտէլ Շահիտին, «Թահիա Մասր» («Կեցցէ՛ Եգիպտոս») հիմնադրամին մէկ միլիոն եգիպտական թղթոսկի (65 հազար տոլար) տրամադրել` աջակցելով «Քորոնա» ժահրի համաճարակը դիմագրաւելու եգիպտական կառավարութեան ճիգերուն:
Նախարարը բարձր գնահատած է Եգիպտոսի մէջ այս համաճարակի տարածման վտանգը դիմագրաւելու այս փուլին վերոյիշեալ հիմնադրամին աջակցելու իր կոչին եգիպտահայոց ընդառաջումը` դրուատելով անոր ազգային դերակատարութիւնը:
Նախարարը վեր առած է նաեւ ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութեան ազդեցութիւնը, զոր կը ջանայ իր գլխաւորած նախարարութիւնը ցայտուն դարձնել Եգիպտոս բնակող համայնքներու դերը, ինչպէս «Մենք` եգիպտահայերս» հանդիսութեան ընթացքին, զոր նախարարութիւնը կազմակերպած էր մեծարելու եգիպտահայ համայնքը:
Ան աւելցուցած է, որ եգիպտահայերը եգիպտական ազգային խճանկարին անբաժան մասնիկն են, եւ որ անոնք կարեւոր դեր խաղացած են Եգիպտոսի պատմութեան մէջ եւ ցարդ կը շարունակեն նպաստել երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման: Առ այդ, նախարարը անհրաժեշտ նկատած է լուսարձակի տակ առնել եգիպտահայերուն նպաստը, Եգիպտոսին` անոնց կապուածութեան աստիճանն ու վերարծարծել անոնց յիշատակները:
Նապիլա Մաքրամ Ապտէլ Շահիտ վերստին կոչ ուղղած է արտասահմանաբնակ բոլոր եգիպտացիներուն` տագնապներու եւ աղէտներու դիմագրաւման յատկացուած «Թահիա Մասր» հիմնադրամի դրամատնային հաշիւին (եգիպտական բոլոր դրամատուներուն մէջ 037037 թիւով) միջոցով աջակցելու կարիքաւոր եգիպտացի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ ոչ մնայուն աշխատանք ունեցողներուն, որոնք տուժեցին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով: