ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Տագնապ կ’ապրի աշխարհը: Մարդկութիւնը գոյապայքար կը մղէ խորհրդաւոր եւ դաժան ժահրի մը դէմ: Անոր աւերներուն առջեւ անզօր մնացած է արհեստագիտական նուաճումներով յոխորտացող քաղաքակրթութիւնը:
Բոլորս ակամայ բանտարկեալ դարձած ենք մեր բնակարաններուն մէջ: Սոսկումով կը հետեւինք «Քորոնա» ժահրի գիշատիչ ճանկերուն մէջ ինկող մահացութեան ամէնօրեայ թիւերուն: Դադրած են օդային, ցամաքային, ծովային հաղորդակցութիւնները: Կղզիացած է աշխարհը, մարդկութիւնը: Համայն աշխարհ դարձած է այս ժահրին ողորմութեան գերին:
Աշխարհը կարծէք գլխիվայր դարձած ըլլար…
Գութ կը հայցենք Բարձրեալէն` մոռնալով, որ մենք` մարդն է իր կողքի մարդուն ողբերգութեան պատճառը…
Հոկտեմբեր ամիսէն ի վեր տնտեսական, ընկերային տագնապներու մէջ խրած լիբանանցիներուն հանապազօրեայ տուայտանքներուն վրայ եկաւ աւելնալու անկանխատեսելին:
Հոկտեմբերի ընկերային պայթումը ծանրակշիռ եւ անմիջական անդրադարձ ունեցաւ երկրին տնտեսութեան վրայ, վկայ` սնանկացող հաստատութիւնները, բազմացող գործազուրկներու բանակը, արտագաղթող ընտանիքները: Արտագաղթ` դէպի ո՞ւր…
Հեղձուցիչ օրերու նախախնամութեան տակ կ’ապրին լիբանանցին եւ լիբանանահայութիւնը:
Արդէն քանի մը ամիսէ դադրած են բաբախել լիբանանահայ առեւտրական, կրթական հաստատութիւնները: Ոմանք վերջնականապէս փակած են իրենց դռները, ուրիշներ հազիւ կը պահեն իրենց գոյութիւնը: Ապրուստի սղութիւնը կը խեղդէ համեստ օրապահիկով ապրող հայ ընտանիքները, ո՛ւր մնացին դպրոցական, համալսարանական կրթաթոշակները հոգալու պարտաւորութիւնները, երբ ընտանիքներու տէրեր հազիւ կամ մասնակիօրէն կը գանձեն իրենց աշխատավարձը: Չեմ խօսիր բժշկական խնամատարութեան մասին… Յուսահատութեան, յուսալքումի մթնոլորտ մը ծածկած է Լիբանանի երկնակամարը:
Այս բոլորը թուղթին կը յանձնեմ իբրեւ հայ համայնքի ճակատագիրով մտահոգ հայորդի: Այո՛, կ’ապրինք դժուար օրեր, սակայն, ի պատիւ մեր եկեղեցւոյ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, բարեսիրական կազմակերպութիւններու մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն, ապաւինելու ամուր յենարան մը ունի լիբանանահայ ընտանիքը, լիբանանահայութիւնը:
Օրին հաւանաբար չանդրադարձանք, սակայն այսօր պարտինք խոստովանիլ, թէ որքա՛ն իմաստուն եւ հեռատես քայլ մըն էր 2020-ը «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի» յայտարարելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին որոշումը:
Վեհափառին այս շնորհաշատ քայլին հետեւեցան Հայ աւետարանական եւ Հայ կաթողիկէ համայնքները, հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, ՀԲԸՄ-ը, բարեսիրական, մարզական, մշակութային կազմակերպութիւնները, Լիբանան գտնուող եւ Լիբանանով ապրող մեր ազգային բարերարները: Բազում շնորհակալութիւն մեր բոլոր ազգայիններուն, որոնք անմիջապէս ընդառաջեցին օգնութեան կոչերուն:
Շնորհիւ այս զօրաշարժին` սննդանիւթի, դեղորայքի, նիւթական, բժշկական ծառայութիւններու դրութիւն մը հաստատուեցաւ Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ բնակող լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն անխտիր, առանց դաւանական ու քաղաքական պատկանելիութեան: Երախտաշատ աշխատանք սկսաւ կատարել «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման եւ տարածման դէմ միջոցներ որդեգրելու նպատակով կազմուած «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը` առաջնահերթութիւն տալով հայ համայնքին առողջապահական անվտանգութեան:
Այս յանձնառու կեցուածքը` ճգնաժամային այս պահուն, կը թելադրէ մեր ազգային ինքնութեան սպառնացող վտանգները միասնաբար դիմագրաւելու խորհուրդ մը` յանուն հայապահպանութեան, առաւել եւս զարկ տալու սփիւռքի մնացեալ համայնքներուն մէջ լիբանանահայութեան առանցքային դերակատարութեան:
Ուրբաթ երեկոյեան բնակարանիս զանգը կը հնչէ: Երիտասարդներ բարեւելէ ետք յայտնեցին, թէ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին կողմէ կը ներկայանային: Հարցումներ ուղղեցին եւ զանազան օժանդակութիւններու պատրաստակամութիւն յայտնեցին: Շաբաթ առաւօտեան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընկերային ծառայութեան գրասենեակէն նոյնանման հարցումներ ուղղուեցան: Միեւնոյնը կրկնուեցաւ` ՀԿԲՄ-ի անունով: Բոլորն ալ հետաքրքրուեցան, թէ այլ ընտանիքներ կը գտնուի՞ն շրջանին մէջ կամ թէ ունի՞մ կարօտեալ ծանօթներ… Այս բոլորին մէջ զիս յուզողը դրացի ու բարեկամ հայուն հասնելու ոգին է: Խնամքի եւ օգնութեան կարօտ հայորդիներուն հասնելու նախանձախնդրութիւնը:
Փութաջան աշխատանքի լծուած են մեր յարանուանութիւնները, քաղաքական կուսակցութիւնները, բարեսիրական կազմակերպութիւնները, մամուլը, լսատեսողական աղբիւրները:
Այս բոլորին մէջ պահ մը հարց մը կը յառաջանայ մէջս. իրապաշտ պիտի ըլլանք, երէկի հայահոծ համայնքը չէ այլեւս Լիբանանի հայ համայնքը… Ան եւս կ’ապրի` հայկական սփիւռքին բնորոշ մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելով:
Ճիշդ է, որ լիբանանահայութիւնը կը նահանջէ քանակով, սակայն հաւատքի եւ լաւատեսութեան անփոխարինելի ոգին վառ կը մնայ անոր մէջ: Այդ ոգիին դրսեւորման ականատեսն ենք այսօր բոլորս: Այս ոգին եւ գիտակցութիւնն է, որ վառ պահած է ու պիտի պահէ լիբանանահայութիւնը:
Այո՛, դժբախտութիւններն ու ցաւը կը միացնեն սրտերը, քով-քովի կը բերեն մարդիկ ու հաւաքականութիւններ: Ահաւասիկ միասնական գործելաոճի իսկական օրինակ մը: Այս օրինակը պարտինք վառ պահել մեր սրտերուն եւ միտքերուն մէջ: Չընկղմինք գաւաթ մը ջուրին մէջ: Իւրաքանչիւրս, մեր կարողութեան եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ, զօրացնենք մեզ միացնող կամուրջները: Անկասկած անհրաժեշտ է դասեր քաղել նեղ օրերու այս պատուաբեր կեցուածքէն: Եթէ այսօր կը գիտակցինք այս բոլորին, ուրեմն վաղը եւս պարտինք շարունակել ծառայութեան եւ գիտակցութեան այս ոգիով: Շահողը բոլորս պիտի ըլլանք, լիբանանահայութիւնը` անխտիր:
Պատի՛ւ ու յարգա՛նք լիբանանահայութիւնը կանգուն պահող բոլոր կառոյցներուն, ազնիւ հայորդիներուն: