Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին կոչ ուղղած է Քոնկրեսին կողմէ հաստատուած Հայաստանի օգնութեան թղթածրարէն 25 միլիոնը իբրեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութեան ընդլայնուած ծրագիրի մէկ մաս վերաբաշխելու «Քորոնա» ժահրի համաճարակի դէմ պայքարին համար: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան արտաքին գործոց նախարարին ուղարկած իր նամակին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է վարչակազմին 1,1 միլիոն տոլարի նախնական յատկացումներուն համար:
Րաֆֆի Համբարեան իր նամակին մէջ նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը վերջերս յայտարարած է «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու համար Հայաստանին օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար գոյութիւն ունեցող 30 միլիոն եւրոյէն աւելի ֆինանսաւորման վերածրագրաւորման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ բժշկական սարքերու եւ սարքաւորումներու ձեռքբերման, փոքր եւ միջին ձեռնարկներու աջակցութեան եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար լրացուցիչ միջոցներ յատկացնելու մասին, որպէսզի մարդասիրական օժանդակութիւնը հասնի անապահով ընտանիքներուն:
«Այսօր մենք արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ’ուղղենք` Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ համապատասխան այլ գերատեսչութիւններու հետ համագործակցութեամբ, անյապաղ վերաբաշխելու Հայաստանի արդէն իսկ յատկացուած ֆինանսաւորումը` երկրի առողջապահութեան նախարարութեան օգնութիւն ցուցաբերելու համար», նշուած է արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին ուղղուած նամակին մէջ:
«Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու 100-ամեակի տօնակատարութեան ժամանակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշած է երկու երկիրներու անխախտ բարեկամութիւնը` յոյս յայտնելով, որ «հարիւր տարի առաջ սկսած մեր գործընկերութիւնը աւելի պիտի ամրապնդուի»: Այս ոգիով մենք մեզի կոչ կ’ուղղենք անյապաղ առնուազն 25 միլիոն տոլար վերաբաշխելու Հայաստանին արդէն իսկ Քոնկրեսին կողմէ յատկացուած ֆինանսաւորումէն` «ՔՈՎԻՏ-19» համաճարակի դէմ պայքարին մէջ օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար: