ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԱԼՄԱ ՇԱԱՊԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԺՈԶԵՖ ՇԱԼՀՈՒՊ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ. ԱՒՕ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ` ԵՐՐՈՐԴ
By adminx - Tue Jan 10, 8:15 am
Կազմակերպութեամբ հարաւային Լիբանանի Ալմա Շաապ ակումբին, հովանաւորութեամբ Ասաատ Զահրապի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի մրցաշարք մը:
Տիտղոսին տիրացաւ Ժոզեֆ Շալհուպ (Ռիատի Պէյրութ)` 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լիբանանի ախոյեան եւ 2011-ի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւած իր խմբակիցին` Ռաշիտ Պըպպոյի: Աւօ Մումջողլեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) հանդիսացաւ երրորդ` 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մալեք Թաուիլի (Անդրանիկ Պէյրութ):
Զոյգի մրցումներուն, առաջին հանդիսացաւ Ժոզեֆ Շալհուպ – Մոհամետ Հապաշ (Ռիատի Պէյրութ) զոյգը` աւարտականին յաղթելէ ետք Ռաշիտ Պըպպօ – Ասաատ Զահրապ զոյգին` 3-0 արդիւնքով:
Երրորդ դիրքը գրաւեց Մումջողլեան – Թաուիլ զոյգը, որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ուսամա Հոմսի (Ռիատի Պէյրութ) – Ֆետի Քիուան (Ժամհուր) զոյգին:
Աւարտին, ներկայութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլայի, Զահրապ կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը, միեւնոյն ժամանակ ալ նիւթական պարգեւներ յանձնելով յաղթականներուն եւ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:





