Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ելեւմտական մարզին վերաբերող հարցեր:
Շիա հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն զօրակցիլ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` բոլոր մարզերուն պարագային:
Ֆրենժիէ. «Ճշմարտութիւնը Բացայայտուած Է»
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն հաստատեց, որ նախապէս յայտնած են, թէ նշանակումներուն առումով ոչինչ կը պահանջեն, սակայն կը պահանջեն ճշմարտութիւնը բացայայտել:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք վարչապետ Հասսան Տիապի, որ վերադարձաւ իր խիղճին եւ խոստովանեցաւ, որ նախանցեալ օր կատարուելիք նշանակումները շահակցական բնոյթի էին, եւ այդ պատճառով այլ յետս կոչեց նշանակումներու օրակարգը», ըսաւ Ֆրենժիէ:
Ան կոչ ուղղեց վարչապետին, որ ատակ ըլլալու չափանիշը առաջնահերթ նկատէ եւ, ակադեմական թափանցիկ գործիքակազմ մը որդեգրելով, զայն գործադրէ յառաջիկայ բոլոր նշանակումներու պարագային: «Ամէն պարագայի յետայսու նշանակումներուն վաճառահանդէսին մաս պիտի չկազմենք, այլ նշանակուողները պիտի շնորհաւորենք», ընդգծեց Ֆրենժիէ:
Իր կարգին, աշխատանքի նախարար Լամիա Եամմին յայտնեց, որ կառավարութիւնը իբրեւ մէկ աշխատանքային կազմ կը գործէ` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին կառավարութեան յաջողութեան ականատես ըլլալ:
Ան կոչ ուղղեց մշակելու նշանակումներու յստակ ու թափանցիկ գործիքակազմ մը, որուն հիման վրայ ատակ եղող անձնաւորութիւնը կը նշանակուի` հեռու մնալով քաղաքական շահակցական որեւէ բաժանումէ:
Եամմին ընդգծեց, որ Լիբանան կը գտնուի տնտեսական մեծ վտանգի դիմաց` աւելցնելով, որ կը մշակեն այնպիսի ծրագիրներ, որոնց հիման վրայ անգործութեան համեմատութիւնը կը մեղմանայ: