Թուրքիոյ մէջ Քանատայի դեսպանատունը 1 ապրիլին հրապարակած է յայտարարութիւն մը` անդրադառնալով 31 մարտին Արցախի Հանրապետութեան մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման:
Դեսպանատան թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի.
«Քանատան կ’աջակցի ազրպէյճանական տարածքային ամբողջականութեան եւ չի ճանչնար այսպէս կոչուած «ընտրութիւնները», որոնք կատարուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 31 մարտին: Այդպիսի «ընտրութիւնները» կը խարխլեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ գործադրուող ջանքերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման հասնելու համար»:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը հրապարակած է պատասխան յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի.
«Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբն ու Քանատայի հայ համայնքը խիստ վրդոված են Թուրքիոյ մէջ Քանատայի դեսպանատան կողմէ կատարուած կողմնակալ յայտարարութենէն` Արցախի մէջ տեղի ունեցող ազատ եւ արդար ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
«Մենք խստօրէն կը մերժենք զայն եւ դեսպանատունը կը յորդորենք անյապաղ չեղեալ նկատել այդ յայտարարութիւնը»:
Actually Armenia, 4000 years old, Yerevan city 2800+ years LOST
60% FREE REPUBLIC’S LAND 1920 by TURKEY-BOLSHEVIK 2 SIDE INVASION. INSTEAD of HELPING to RECUPERATE 4000 Years old OCCUPIED LAND RETURN, blaming FREE elections means…We leave Justification to the Declarer… and ASK IMMEDIATE EXAMINATION OF SEVRES TREATY IRREVOCABLE TERMS APPLICATION OF 1920.