ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը «Ապառաժ»-ին խնդրանքով մեկնաբանած է 31 մարտին տեղի ունեցած Արցախի Հանրապետութեան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները.
«Մենք գիտենք, թէ ինչպիսի բարդ ժամանակաշրջանի մէջ տեղի ունեցան ընտրութիւնները: Ոչ միայն «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած առողջապահական հարցերը, այլ նաեւ ներքին լարուած նախընտրական մթնոլորտը դժուարութիւններ յառաջացուցած էին բնականոն կարգով ընտրութիւնները կազմակերպելու համար:
«Սակայն ընտրողներու աննախադէպ մասնակցութիւնը ցոյց տուաւ, որ Արցախի ժողովուրդը խորապէս կը գիտակցի իր պատասխանատուութեան երկրի ապագային նկատմամբ: Անցած 30 տարիներուն մենք պարբերաբար յղկած ենք մեր ընտրական համակարգը` միշտ հիմք ունենալով ժողովրդավարական սկզբունքներու արմատաւորումը եւ հանրային վստահութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:
«Այնուհանդերձ, 31 մարտին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով ի յայտ եկան շարք մը բացթողումներ, որոնց մասին մենք ահազանգեցինք Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին եւ պատկան մարմիններուն: Այդպիսի երեւոյթները չեն կրնար լուրջ ստուեր ձգել ընտրութիւններուն վրայ, սակայն համոզուած ենք, որ աւելի մեծ հանրային վստահութիւն ունենալու համար պատկան մարմինները լուրջ հետեւութիւն պիտի կատարեն եւ երկրորդ փուլին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն պիտի բացառեն նման երեւոյթներ:
«Ընտրութիւններուն ընթացքը եւ ստեղծած քաղաքական իրավիճակը անգամ մը եւս հաստատեցին Դաշնակցութեան հնչեցուցած այն քաղաքական պահանջը, որ կը վերաբերի Սահմանադրական փոփոխութիւններուն: Համոզուած ենք, որ յառաջիկային քաղաքական ուժերու հետ համապատասխան խորհրդակցութիւններու իբրեւ արդիւնք Սահմանադրական բարեփոխումներու համար միջոցներու պիտի ձեռնարկուին եւ անոր զուգահեռ նաեւ պիտի կատարելագործուի ամիսներ առաջ ընդունուած Ընտրական օրէնսգիրքը»:
Աւելի ուշ, Դաւիթ Իշխանեան Դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց քուէն տուին Դաշնակցութեան եւ իրեն: