Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսըն հաւանական նկատեց, որ Սուրիան պիտի չկարենայ «Քորոնա» ժահրի տարածման արգելք հանդիսանալ` հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղելով` կրակոցները դադրեցնելու:
Փեթերսըն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի տեսաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Գոյութիւն ունի այն մեծ վտանգը, որ Սուրիան չկարենայ համաճարակին դէմ կանգնիլ` նկատի ունենալով տեղահանութիւնն ու շարք մը գաղթակայաններու մէջ տիրող դժուար կացութիւնը»:
Ան նշեց, որ սուրիական կարգ մը շրջաններ տկար են կամ բացարձակապէս գոյութիւն չունին` աւելցնելով, որ զինեալ տագնապը, որ տարիներէ ի վեր կը շարունակուի, քանդած է առողջապահական խնամքի համակարգը:
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակը աւելցուց, որ բժիշկներու թիւի, բժշկական սարքերու եւ նիւթերու բաց գոյութիւն ունի:
«Ժահրը խտրութիւն չի դներ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ եւ անոնցմէ դուրս ապրողներուն միջեւ. անիկա բոլոր սուրիացիներուն կը սպառնայ», նշեց Փեթերսըն:
Ան նշեց, որ կոչ կ’ուղղէ ամբողջ սուրիական հողերուն վրայ զինադադար հաստատելու` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին առիթ ընծայելու համար: