Սուրիոյ նախկին փոխնախագահ Ապտել Հալիմ Խատտամ մահացաւ Ֆրանսայի մէջ: Ան 88 տարեկան էր:
Ան իբրեւ առաջին պետական պաշտօն վարած է Համայի նահանգապետի պաշտօնը, 1967-ին` նշանակուած է Դամասկոսի նահանգապետ, ապա 1969-ին տնտեսութեան ու արտաքին առեւտուրի նախարար:
1970-ին ստանձնած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը, իսկ 1984-ին նշանակուած է Սուրիոյ հանրապետութեան փոխնախագահ: Ան նաեւ ստանձնած է լիբանանեւսուրիական յարաբերութիւններու թղթածրարը:
Խատտամ դեկտեմբեր 2005-ին դուրս եկաւ Սուրիական Պաաս կուսակցութենէն: