Երէկ` երեքշաբթի, 31 մարտ 2020-ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք սկսան առաւօտեան ժամը 8:00-ին, երբ բացուեցան 282 ընտրական տեղամասերը, որոնցմէ մէկը կը գտնուի Երեւանի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, այլ տեղամաս մըն ալ հաստատուեցաւ Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ: Ժամը 20:00-ին փակուեցան ընտրական կեդրոնները:
Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ տրամադրուած տուեալներուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան ընտրողներուն թիւը կը կազմէ 105.251: Ընտրութիւններուն մասնակցած են 76.471 ընտրող (ընդհանուր թիւին 72.7 առ հարիւրը): Գործեցին 8 ընտրական յանձնախումբեր` Ստեփանակերտի եւ Արցախի 7 շրջաններուն մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի համապետական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու եւ ընտրութիւններուն ընթացքը լուսաբանելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին մօտ հաւատարմագրուած է 963 դիտորդ եւ լրատուամիջոցներու 231 ներկայացուցիչ:
Արցախի նախագահական պաշտօնին համար կը պայքարէին 14 թեկնածուներ` Քրիստին Բալայեան, Վիթալի Բալասանեան, Սերկէյ Ամիրեան, Դաւիթ Բաբայեան, Բելա Լալայեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Հայկ Խանումեան, Դաւիթ Իշխանեան, Վահան Բադասեան, Մասիս Մայիլեան, Աշոտ Ղուլեան, Ռուսլան Իսրայէլեան, Աշոտ Դադայեան եւ Մելսիկ Պօղոսեան:
Ազգային ժողովին համար ընտրութիւններուն կը մասնակցին 12 քաղաքական ուժեր` Ազգային վերածնունդ կուսակցութիւն, Միասնական հայրենիք կուսակցութիւն, Անկախութեան սերունդ կուսակցութիւն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, Արցախի յեղափոխական կուսակցութիւն, Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ կուսակցութիւններու դաշինք, Արցախի Արդարութիւն կուսակցութիւն, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն, Միացեալ Հայաստան կուսակցութիւն, Արցախի պահպանողական կուսակցութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի համայնավար կուսակցութիւն, Նոր Արցախ կուսակցութիւններու դաշինք:
Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Սրբուհի Արզումանեանի համաձայն, ընտրական տեղամասերուն մէջ սկսած են քուէաթերթիկներու հաշուարկը: Նախնական արդիւնքները յայտնի կ’ըլլան մինչեւ 1 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
Երէկ կէս գիշերուան նախնական տուեալներուն համաձայն, Արայիկ Յարութիւնեան յառաջատար էր նախագահական ընտրութիւններուն:
No majority in Arzakh election REQUIRES second one, UNDER CORONAVIRUS Epidemic Threat, being Dangerous as Health Condition, Ignored Postponement Request and politically motivated:: GOD SAVES,IN case of any virus breakouts, Arzakh in Danger, ELECTION DECIDER WILL BE RESPONSIBLE choosing “POLITIC FIRST, POPULAR SECURITY SECOND” Mentality== Highest Punishment.