ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ` երէկ Արցախի մէջ կայացած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները (Իկոր Փոփովը` Ռուսիայէն, Սթեֆան Վիսքոնթին` Ֆրանսայէն, Էնտրիւ Շոֆըրը` Միացեալ Նահանգներէն) ի գիտութիւն ընդունած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այսպէս կոչուած «համապետական ընտրութիւնները», որոնց առաջին փուլը տեղի ունեցած է 31 մարտին:
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ լուծման ծիրին մէջ համանախագահները կը ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դերը իրենց ապագան որոշելու գործին մէջ` համաձայն այն սկզբունքներուն եւ տարրերուն, որոնք հաստատուած են համանախագահներու` 9 մարտ 2019-ի յայտարարութեամբ: Սակայն համանախագահները կը նշեն, որ Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցուած չէ համանախագահող երկիրներէն ո՛չ մէկուն, ո՛չ ալ որեւէ այլ երկրի կողմէ իբրեւ անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն:
Համապատասխանաբար, համանախագահները չեն ճանչնար այդ «ընտրութիւններուն» արդիւնքները իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական կարգավիճակին վրայ ազդող եւ կ’ընդգծեն, որ անոնց արդիւնքները որեւէ ձեւով չեն կանխորոշեր Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը կամ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կայուն եւ խաղաղ լուծման հասնելու շարունակուող բանակցութիւններու արդիւնքը»: