Նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի, Նեժիպ Միքաթի, Թամմամ Սալամ եւ Ֆուատ Սինիորա իրարու հետ խորհրդակցելէ ետք հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Մինչ երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, ելեւմտական, վարչական եւ բոլոր մարզերը յուզող տագնապներ, Լիբանան հասած է «Քորոնա» ժահրը, որ տիրող տագնապը աւելի եւս բարդացուցած է, իսկ լիբանանեան կառավարութիւնը կ’ուղղուի կատարելու այնպիսի նշանակումներ, որոնք կը միտին պետական պաշտօններու վրայ հակակշիռ բանեցնել` առանց նշանակուող թեկնածուներուն ատակութեան եւ կարողութիւններուն նկատմամբ յանձնառութիւն ցուցաբերելու:
Այսպիսով` կառավարութիւնը անտեսած կ’ըլլայ նաեւ ժողովրդային շարժումին մաս կազմող երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներուն պահանջները, ինչպէս նաեւ Լիբանանը կ’ենթարկէ յաւելեալ վտանգներու, որովհետեւ նկատի չ’ունենար բարեկարգումներ կատարելու իր պարտաւորութիւնները:
Բարեկարգումները կարեւոր են` վերստին ապահովելու համար լիբանանցիներուն, արաբ եղբայրներուն եւ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը, որպէսզի լիբանանեան պետութիւնը կարենայ ապահովել երկրին համար անհրաժեշտ օժանդակութիւնները:
Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը յաւելեալ երկմտանք եւ ժամանց չի կրնար հանդուրժել, որովհետեւ Լիբանան չի կրնար իրեն սպառնացող ներկայ վտանգներն ու մարտահրաւէրները դիմագրաւել` շարունակելով պաշտօնները կիսուելու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ շարունակելով բարեկարգումներու անտեսումը:
Բարեկարգումները կարեւոր են Լիբանանի պետութեան, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրին ու սահմանադրութեան հանդէպ յարգանքը վերստին պարտադրելու եւ կարելի եղած օժանդակութիւններն ու զօրակցութիւնը ապահովելու` փրկելու համար երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային մարզերն ու հաստատութիւնները:
Այս բոլորը իրագործելու համար պէտք է հեռու մնալ տիրելու երազներէն, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօններուն կառչած մնալու մարմաջէն»: