Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Ալինա Նիկողոսեան հաղորդեց, որ Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու 58 նոր դէպք: 30 մարտի դրութեամբ Հայաստանի մէջ կայ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու հաստատուած 482 պարագայ: Մինչեւ այսօր արձանագրուած է 3 մահ:
Ըստ Ալինա Նիկողոսեանի` ժահրէն ապաքինածներուն թիւը հասած է 30-ի:
Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին բացայայտուած է, որ զինուոր մը եւս վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Ան նախապէս մեկուսացուած էր արդէն, անմիջապէս փոխադրուած է հիւանդանոց, եւ անոր վիճակը կայուն է: