Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ
Թէեւ ուխտի հասկացողութիւնը լայնածաւալ ովկեան մըն է, սակայն եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ուխտագնացութիւն եզրը միշտ յստակ բացատրութիւն ունեցած է հաւատացեալներուն համար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտի օրը հաւատքի եւ յոյսի վերանորոգման օր մըն է` անոր բոլոր զաւակներուն համար: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Խոր Վիրապ մտնելու տօնի յիշատակը մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար վերանորոգութեան եւ հզօրացման աղբիւր է:
Քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ պետականացման նախօրեակին, երբ Գրիգոր Պարթեւ իր խիզախութեան եւ Քրիստոնէական հաւատքին ամրակուռ կառչած մնալուն պատճառով կը դատապարտուէր Խոր Վիրապ նետուիլ, ճիշդ ա՛յն ատեն կը սկսէր Հայաստանի մէջ հաւատքի վերազարթօնքը եւ հայ եկեղեցւոյ կերտումը:
Մարդու մտքէն իսկ կրնայ չանցնիլ, որ անձի մը Վիրապ նետուիլը` որպէս պատիժ, կրնայ այսքան ծաղկուն արդիւնք տալ: Պէտք է յիշել, թէ ճիշդ նոյն մտայնութեամբ, Գրիգոր Լուսաւորիչէն գրեթէ երեք հարիւր տարիներ առաջ մարդիկ զմայլած էին, թէ ինչպէ՞ս մահուան դատապարտուած եւ ծանր յանցագործի շապիկը զգեցած խաչեալի մը քարոզութիւններն ու պատուէրները կրնան կրօնք մը յառաջացնել եւ հազարաւոր հետեւորդներ ունենալ աշխարհի բոլոր կողմերը:
Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Խոր Վիրապ մուտքը զուգադիպութիւն մը չէր սոսկ: Աստուածային նախախնամութիւնը այնպէս մը պատահեցաւ, որ Քրիստոսի գերեզմանէն յարութիւն եւ կեանք դրսեւորուելուն նման, Հայաստանի մէջ եւս Վիրապէն ժայթքեց նոր կեանք ու լուսաշող արեւ: Զգացական ու յուզիչ է երեւոյթը, երբ պահ մը մտածենք Լուսաւորիչին հաւատքին դերակատարութեան մասին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւս, երբ գրեթէ տասնեակ տարուան մը վիրապային մթին օրերէն յաղթական եւ յաղթահասակ կը վերականգնէր Անթիլիասի ծովափին, Աստուծոյ տունը` հաւատացեալներուն օթեւանը, հաւատքի շտեմարանը, Աստուծոյ արքայարանը, Քրիստոսի ատաղձագործարանը եւ Ս. Հոգւոյն ներգործութեան վայրը կը կառուցէր: Թէկուզ խեղճուկ ու թիթեղաշէն, սակայն էական ու հրամայական:
Ծերունազարդ Երանաշնորհ Տ. Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս եւ Երանաշնորհ Տ. Բաբգէն Աթոռակից կաթողիկոս 1931-ին կը հաստատեն կաթողիկոսարանի ուխտի օրը` Սրբատառ Հայրապետական կոնդակով մը: Գեղեցիկ է աւանդութեանց ծաղկումը տեսնել, մանաւանդ երբ Բիւզանդ Եղիայեան իր գրիչով կը վկայէ, թէ «ոմանք իրենց ուխտին համեմատ` նոյնիսկ ամբողջ ճամբու երկայնքին «Հայր Մեր» եւ «Հաւատով խոստովանիմ» արտասանելով բոպիկ ոտքով քալելով Պէյրութէն եւ արուարձաններէն կը փութան կը խռնուին կաթողիկոսարանի եկեղեցին ու շրջափակը»: Գերազանց տպաւորի՛չ ժողովրդական սովորութիւն մըն է տեսնել հարիւրաւոր ու հազարաւոր հայորդիներ, Տէրունական աղօթքի արտասանութեամբ կը քալեն դէպի սփիւռքի հաւատքի կեդրոնը` այնպէս, ինչպէս պիտի քալէին դէպի Խոր Վիրապ ու Արարատ, Երուսաղէմ ու Գողգոթա: Բաբգէն Աթոռակից կաթողիկոսի նկարագրութիւնը ինքնին ազդու է, երբ կ՛ըսէ, թէ «հիանալի է հայ ժողովուրդին սիրտը հանդէպ իր հայրենի աւանդութիւններուն եւ սրբութեանց. եւ իրապէս գնահատանքի ու գովքի արժանի է մեր սիրելի ժողովուրդին խանդակաթ զգացումը հանդէպ Հոգեւոր իշխանութեան կեդրոնին»:
Տարին մէկ անգամ, Հայրապետական օրհնութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքը պարունակող Ս. Աջը կը շրջի հաւատացեալներուն մէջ, օրհնութիւններ եւ շնորհներ բաշխելով խուռներամ բազմութեան: Լուսաւորչի Ս. Աջով օրհնուած ջուրէն առնելու համար մրջիւններու շարքին նման ժողովուրդը կը հաւաքուի Մայր տաճարին մէջ, վիրապամուտի տօնին հաղորդակից դառնալու Ս. Հայրապետին օրհնութեանց:
Իսկ որք ասեն, թէ հայ եկեղեցւոյ պարագային Լուսաւորչի աջի իսկական միակ մասունքը այլուր կը գտնուի, մենք կրկին պատմութեան դիմելով դիտել կու տանք, թէ ինչպէս շուրջ 60 տարիներ առաջ Անթիլիասի մէջ պահուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Կիլիկեան հարստութիւնը առեւանգել փորձուած է: Բնականաբար եթէ Կիլիկիայէն բերուած իսկական մասունքը պարունակող Աջը չըլլար ուխտի օրը հայրապետներու ձեռքին մէջ երկիւղածութեամբ բարձրացուող իսկական Աջը, հապա ոչ ոք պիտի փորձէր ուխտի օրուան նախօրեակին խլել զայն Լուսաւորչաշաւիղ այս Ս. Աթոռին ծոցէն: Այս մասին իր ուսումնասիրութեանց մէջ Աթոռակից Բաբգէն կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսէն իմացած ու գրի առած է, թէ «ինչու ազատ մնային հայուն յարգած սրբութիւնները հայուն դարաւոր տառապանքէն: Աջերն ալ մեզ նման լեռնէ լեռ, բերդէ բերդ եւ անապատները փախստական` հազիւ մահամերձ վիճակով ազատած են»:
Ահա թէ ինչո՛ւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Վիրապ մուտքի տօնը եւ ի մասնաւորի Անթիլիասի մէջ հաստատուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայրապետներուն համար այս օրը Սուրբ է եւ ուխտի օր: Հաւատացեալներու ներկայութիւնն ու հաւատքը բաւարար վկաներ են` տեսնելու Ս. Աջին հզօրութիւնը:
Ուխտի օրուան ընթացքին, ի մտի ունենանք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին կեանքը, անոր կրած տաժանակիր չարչարանքները, վիրապային կեանքին ընթացքին անոր հաւատքը, յոյսը, ժուժկալութիւնը, երկիւղածութիւնն ու վստահութիւնը: Մենք` որպէս Լուսաւորչի ջահակիրներ, այդ լուսաւորչահիմն հայ առաքելական աթոռին հարազատ ժառանգորդներն ու շարունակողները, պէտք է գիտակից մնանք ուխտի օրուան նկատմամբ, պահպանելու այդ օրուան պատմական ժառանգը` փոխանցելու անկէ եկող աստուածառաք լոյսը հետագայ սերունդներուն:
Այս տարի, երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին թափօրին ականատես ըլլանք երկնաբաշխ օրհնութեանց բարիքներուն, աղօթենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին անսասանութեան, անոր աթոռակալներուն ուղիղ վարդապետութեամբ հովուելուն, անոր միաբանութեան հզօրացման եւ անոր բոլոր հաւատացեալ զաւակներուն առողջութեան եւ բարօրութեան համար` դիմելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին բարեխօսութեան: Թող որ Լուսաւորչի օրհնութիւնները անպակաս ըլլան մեր ժողովուրդի զաւակներուն վրայէն եւ առողջութիւն բերեն այս նեղ օրերուն ժահրով վարակուած ամբողջ մարդկութեան:
Ուխտը կատա՛ր բոլոր հաւատացեալներուն: Ձեր հաւատքին համաձայն ստանաք Աստուծմէ: