«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը լիբանանահայ հայրենակիցներուն կը կատարէ հետեւեալ փոխանցումները.
Ա) Անցնող երկու օրերուն Շտապը յաջողեցաւ Պուրճ Համուտի, Հայաշէնի, Էշրեֆիէի, Քաղաքի, Մար Մխայէլի, Ֆանարի, Ռաուտայի շրջաններուն մէջ բաժնել «Քորոնա» ժահրը կանխարգիլող զանազան հականեխիչ ու մաքրութեան դեղեր, թաշկինակ եւ օճառ: Բաժնուեցաւ 3000 ընտանիքներու յատուկ չափաբաժին` 160 միլիոն լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ:
Յառաջիկայ օրերուն, ապահովելէ ետք անհրաժեշտ մթերքը, պիտի ձեռնարկուի բաժնել նաեւ 1500 չափաբաժին տակաւին օժանդակութիւն չստացած ընտանիքներուն:
Բ) Յառաջիկայ շաբաթ 2000 ընտանիքի պիտի բաժնուին ուտեստեղէն ապահովելու կտրօններ:
Գ) Ներկայիս կը քննուի կարելիութիւնը հաստատելու դեղօրայքի նպաստելու դրութիւն:
Դ) Ստեղծուած ընդհանուր կացութեան պատճառով նկատելի է որոշ խուճապ: Հետեւաբար, կը խնդրենք մեր հայրենակիցներէն, որ ուշադիր հետեւին մեր մամլոյ կամ լրատուական այլ միջոցներու հաղորդումներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ եղած օժանդակութիւնները հասցնել ճիշդ հասցէին եւ խուսափիլ որեւէ սխալէ:
Ե) Պէտք է զգուշ ըլլալ եւ չտարուիլ բջիջային հեռաձայններու կամ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուող լուրերէն, սուտերէն, չափազանցութիւններէն կամ օժանդակութեան խոստումներէն:
Զ) Կարեւորութեամբ կը նշենք, որ ներկայ տնտեսական համատարած տագնապին մէջ առաջնահերթութիւնը պարտաւոր ենք տալ անգործ, եկամտազուրկ եւ կարիքաւոր պարագաներու: Համայնքային, միութենական թէ բարեսիրական այլ կառոյցներ եւս կը կատարեն իրենց օժանդակութիւնը եւ մարդկայնօրէն ու հայօրէն ճիշդ չէ քանի մը աղբիւրէ ստանալ եւ ուրիշներ զրկել միակ օժանդակութենէ:
Է) Մեր կեդրոնները եւ մեր տղաքը պատրաստ են ձեզ լսելու եւ յետ ստուգման անհրաժեշտ դասաւորումներ կատարելու:
Ը) Շտապը կը շարունակէ ստանալ նուիրատուութիւններ` սրտցաւ եւ գիտակից հայորդիներէ: Նուիրատուներուն ցանկը պիտի հրապարակենք երեքշաբթի օր: Կարիքը ընդհանրական է, կարիքը մեծ է, եւ մեր համայնքը լաւագոյն օրինակը տուաւ իրերօգնութեան:
Միասնաբար կը յաղթենք այս վարակին:
Տո՛ւնը մնացէք, մենք կը հասնինք ձեզի: