«Նորք» հիւանդանոցին մէջ 26 մարտին արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով առաջին մահը` 72 տարեկան հիւանդ մը: Ան կը տառապէր նաեւ երկկողմանի թոքաբորբէ, շնչառական տարբեր հարցերէ, ինչպէս նաեւ սրտի կշռոյթի խանգարումէ:
26 մարտի դրութեամբ Հայաստանի մէջ կայ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած 290 պարագայ, 18 անձեր բուժուած են:
Իսկ «Քորոնա» ժահրի քննութեան ենթարկուած երեք զինուորներուն պատասխանը դրական եղած է, եւ անոնք հիւանդանոց փոխադրուած են: Դիմատետրի իր էջին վրայ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի պարզաբանումը հրապարակած է նախարարի մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան: