Երէկ` 24 մարտին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ընդհանրապէս աշխարհին եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան:
Վարչապետը տեղեկացուց, որ 24 մարտին, ժամը 18:30-ի դրութեամբ (Երեւանի ժամանակացոյցով), Հայաստանի մէջ կայ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած 249 դէպք:
Վարչապետին համաձայն` ցարդ վարակուած 4 քաղաքացիներ բուժուած են, ինչպէս նաեւ մեկուսացումէն տուն վերադարձած են 37 քաղաքացիներ: