Լիպիոյ ազգային բանակը յայտարարեց, որ Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի հարաւային ճակատին վրայ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ուժերուն հետ վերջին բախումներուն ընթացքին սպաննուած են չորս թուրք զինուորներ եւ սուրիացի հրամանատար մը:
Լիպիոյ ազգային բանակի արեւմտեան շրջանի գործողութիւններու հրամանատար հազարապետ-զօրավար Մապրուք Ղազուի նշեց, որ թուրք զինուորներ սպաննուած են ամբողջ անցեալ երեքշաբթի օր` Լիպիոյ ազգային բանակի ուժերուն կողմէ Այն Զարա ճակատին վրայ երկարատեւ պաշարումէ մը ետք:
Ան ըսաւ, թէ սուրիացի հրամանատարը մահացած է իր ստացած ծանր վէրքերուն պատճառով` հակառակ զանոնք դարմանելու փորձերուն: «Բանակը իր մօտ կը պահէ այս դիակները, եւ արգելք չունի զանոնք Լիպիական կարմիր մահիկին ճամբով իրենց հարազատներուն յանձնելու»:
«Սուրիացի ահաբեկիչը իր մահէն առաջ խոստովանեցաւ, որ 10 թուրքեր եւ 8 սուրիացիներ փախուստի դիմած են, երբ զիրենք փոխադրող զրահապատ մեքենան հարուածուած է, եւ Մհէյթքա ռազմակայանէն օգնութիւն խնդրած են, սակայն օգնութիւնը չէ հասած, որովհետեւ պաշարման տակ առնուած էին», յայտնեց հազարապետ¬զօրավար Ղազուի: