Նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարին մէջ Իրանին, Հիւսիսային Քորէային, ինչպէս նաեւ միւս երկիրներուն օգնութիւն ցուցաբերելու ամերիկեան վարչակազմի պատրաստակամութիւնը ի զօրու է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Սպիտակ տան ղեկավարը նշած է.«Այո՛, շատ երկիրներու: Եթէ անոնք օգնութեան կարիք ունին, ապա մենք անոնց օգնութիւն պիտի տրամադրենք: Ոչ ոք ունի այն, ինչ որ մենք ունինք, յատկապէս նոր «Քորոնա» ժահրով վարակման ախտորոշման նոր քննութիւններու յայտնուելուն լոյսին տակ: Հիւսիսային Քորէային, Իրանին, նաեւ միւսներուն»:
Անդրադառնալով այն նշումին, թէ ինք իսկապէ՞ս Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարութեան յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ նշած է նոր «Քորոնա» ժահրի բռնկման առնչուած` Փիոնկիանկին օժանդակութիւն տրամադրելու Ուաշինկթընի պատրաստակամութեան մասին, Թրամփ ըսած է. «Իրանին, Հիւսիսային Քորէային, բազմաթիւ այլ երկիրներու…Մենք պատրաստ ենք օգնելու: Իբրեւ օրինակ` կայ նոր քննութիւն: Ատիկա կը մշակուի մեր կողմէ: Կը կարծեմ, որ շուտով ատիկա հաւանութիւն պիտի ստանայ: Եթէ ատիկա ունենանք, ապա պիտի կարենանք բազմաթիւ երկիրներու օգնել»:
Սակայն «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու բժշկական ներուժի պակասին մասին եւ մերժած Միացեալ Նահանգներուն կողմէ «Քորոնա» ժահրին` դէմ պայքարի ծիրին մէջ առաջարկուած օգնութիւնը` նշելով, որ Ամերիկան այն երկիրն է, որուն կը մեղադրեն այս ժահրը ստեղծելուն համար:
«Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը յայտարարած է, որ պատրաստ է բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու եւ օգնելու դեղորայքով: Անոնք շատ տարօրինակ խօսքեր են: Նախ եւ առաջ, դուք պակասորդ ունիք, ինչպէս կը տեղեկանանք Միացեալ Նահանգներէն եկող լուրերէն: Երկրորդ, ձեզ, ամերիկացիներդ, կը մեղադրեն ժահրը ստեղծելուն համար: Ես չեմ գիտեր, թէ ինչքանո՛վ հիմնաւոր են այդ մեղադրանքները, սակայն եթէ այդ մեղադրանքները գոյութիւն ունին, ո՞ր խելացի մարդը ձեզմէ դեղորայք կ’ընդունի: Թերեւս ձեր դեղորայքը միջոց է` առաւել եւս տարածելու հիւանդութիւնը: Ձեզի կարելի չէ վստահիլ», յայտարարած է սէյտ Ալի Խամէնէին:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը իր խօսքին մէջ Միացեալ Նահանգները կոչած է իրանեան պետութեան գլխաւոր թշնամին, իսկ ամերիկացի պաշտօնատարները բնութագրած է իբրեւ խաբեբաներ:
Նշենք, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի եւս երէկ յայտարարեց. «Իրան տագնապը շրջանցելու համար Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան կարիքը չունի»: