Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ջնջեց յունիսին «Եօթներու խմբակ»-ի ղեկավարներուն հանդիպումը, որ պէտք էր տեղի ունենար Քեմփ Տէյվիտի մէջ: Լուրը կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սպիտակ տան:
Երկրի նախագահը իր գործընկերներուն հետ ապրիլին եւ մայիսին տեսակապով պիտի հաղորդակցի: Այս որոշումին մասին արդէն տեղեակ են «Եօթներու խմբակ»-ի բոլոր անդամները:
Սպիտակ տունը նախապէս առաջարկած էր «Եօթներու խմբակ»¬ի վեհաժողովը կատարել Միացեալ Նահանգներու Մայամի նահանգին մէջ գտնուող «Թրամփ Նաշընըլ Տորըլ Ռիզորթ»-ի մէջ: Սակայն քանի մը ազդեցիկ քոնկրեսականներ օրինագիծ առաջարկեցին` վեհաժողովը Թրամփին պատկանող հաստատութեան մէջ կատարելը արգիլելու համար:
Աւելի ուշ, սակայն, նախագահի աշխատակազմը հրաժարեցաւ այդ գաղափարէն եւ հանդիպումի համար այլ վայր ընտրեց: