Մեքսիքայի մէջ դաշնակցային դատաւոր մը երկրի նախագահ Անտրիս Մանուէլ Լոփեզ Օպրատորի հրամայեց նախազգուշական բոլոր միջոցառումները որդեգրել եւ ամէն տեսակ քայլի ձեռնարկել` երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերու յայտնաբերման համար:
«Իշխանութիւնները չեն առներ ընդհանուր առողջապահական, ազդու եւ պատշաճ քայլեր, որոնք երկրին դիմագրաւած վտանգներուն համարժէք են», ըսաւ դատաւորը:
Ան մեքսիքական իշխանութիւններուն, ներառեալ երկրին նախագահ եւ ներքին գործոց նախարար Խորխէ Ալքոսրին քսանչորս ժամուան պայմանաժամ ճշդեց` բնակչութիւնը տեղեակ պահելու վարակին դէմ որդեգրուելիք քայլերուն մասին:
Մեքսիքայի նախագահը սուր քննադատութեան ենթարկուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի բաւարար քայլեր չառնելուն համար, մանաւանդ որ չորեքշաբթի օր առաջին զոհը արձանագրուեցաւ: Երկրին մէջ վարակուածներուն թիւը 164 է արդէն: