Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ յայտարարած է, որ Թուրքիան Սուրիոյ Հասաքէ նահանգի Քամըշլիի քարիւղի հանքերու արդիւնահանմամբ պիտի չզբաղի: Ան այս մասին ըսած է ռուսական «Իզվեսթիա» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Թրքական վարչակարգի ղեկավարի յայտարարութիւնները դարձեալ կ՛ապացուցեն անոր` իրականութենէն կտրուած ըլլալը, որովհետեւ ան ոչ մէկ իրաւունք ունի Սուրիոյ բնական հարստութիւններու նկատմամբ, որոնք կը պատկանին միա՛յն սուրիացի ժողովուրդին:
«Էրտողանի յայտարարութիւնները անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն անոր մտադրութիւնները` ընդարձակուելու Սուրիոյ հաշուոյն, սուրիացի ժողովուրդի հարստութիւնը թալանելու միջոցով», կը նշէ Սուրիոյ դեսպանը:
Հատտատ աւելցուցած է, որ Սուրիոյ վերականգնման աշխատանքներու հոլովոյթին մաս պիտի կազմեն միայն այն երկիրները, որոնք ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին ընթացքին կանգնած եղած են Սուրիոյ կողքին:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումին նշած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տեսակցութեան ընթացքին առաջարկած էր սուրիական տնտեսութիւնը վերականգնել` սուրիական քարիւղին միջոցով:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 10 մարտին նաեւ յայտնած էր. «Թուրքիան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին կոչ ուղղեց` Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ քարիւղի դաշտերը փոխադարձաբար կառավարելու` ահաբեկիչներուն կողմէ կառավարուելու փոխարէն»:
«Փութին Տէր Զօրի քարիւղի դաշտերու կառավարման վերաբերեալ առաջարկը կը սերտէ, եւ կրնանք նոյնպիսի առաջարկ մը ներկայացնել Թրամփին», ըսած էր Էրտողան: