Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Շուշան Ստեփանեան կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի զինուած ուժերու օդաչուները, նոր օդանաւային համակարգի իւրացման ծրագիրին համաձայն, ուսումնամարզական թռիչքներ կատարած են «Սու-30ՍՄ» կործանիչներով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակած է «Սու-30ՍՄ» կործանիչներու թռիչքի տեսագրութիւն` հետեւեալ գրառումով. «Մեր «Սու-30ՍՄ» ռազմական ինքնաթիռները հսկում են մեր օդային սահմանները»: