ԻՍՐԱՅԷԼ ԻՐ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԻՒՏՃԷՆ 700 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑ
By adminx - Tue Jan 10, 7:25 am
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան պիւտճէն 700 միլիոն տոլարով կը բարձրանայ: Ան անցեալ տարի վստահեցուցած էր, որ այդ պիւտճէն պիտի նուազի, որպէսզի ընկերային բարեփոխումները ֆինանսաւորուին:
Նեթանիահու նախապէս որդեգրած էր երկրին մէջ ընկերային անարդարութեան դէմ բարձրացած աննախադէպ բողոքի ցոյցերուն յարմար պատասխաններ ճշդելու համար իր պահանջով տնտեսագէտ Մանուէլ Թրայցպերկի պատրաստած զեկուցումը:
Զեկուցումին մէջ տեղ գտած յանձնարարականներուն շարքին էր 14 միլիառ տոլար արժողութեան պաշտպանութեան պիւտճէն նուազեցնել առանց պիւտճէական բացը աճեցնելու` ֆինանսաւորելու համար ընկերային միջոցառումներու շարքը:
Նեթանիահու ըսաւ, որ «այս հարցին մասին մտածեցի, սակայն նկատի ունենալով շրջանի իրադարձութիւնները, այն եզրակացութեան հասայ, որ պաշտպանութեան պիւտճէն նուազեցնելը սխալ եւ թերեւս մեծ սխալ մը պիտի ըլլայ»:
Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «ողջամիտ իւրաքանչիւր անձ կը տեսնէ այն, ինչ որ մեր շուրջ տեղի կ՛ունենայ: Բոլոր այդ փոփոխութիւնները Իսրայէլի ազգային ապահովութեան, ինչպէս նաեւ նոր մարտահրաւէրներ ու անկայունութիւնը դիմակայելու մեր կարողութեան վրայ ռազմավարական ազդեցութիւններ ունին»:
Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ «իսրայէլեան բանակը երկրին վահանն է, ուստի անոր կարելիութիւնները պէտք է բարձրացնել»:






