Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ամբողջովին կը գնահատէ այն պետութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք «հետաքրքրութիւն ու նախանձախնդրութիւն յայտնեցին մեր երկրին յաւելեալ ողբերգութիւն խնայելու` կոչ ուղղելով թշնամական արարքներու անմիջական մարդասիրական դադրեցումի եւ զինուորական սարքերու փոխադրումը դադրեցնելու, որպէսզի տեղական իշխանութիւնները կարենան նոր «Քորոնա» ժահրին դէմ դնել: Ուստի կ՛ողջունենք այս կոչը»:
Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը յայտնեց, որ յանձնառու է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2020 թուականի թիւ 2510 բանաձեւին, որ կ՛ամրապնդէ Պերլինի վեհաժողովին արդիւնքները եւ կ’ընդգրկէ շարք մը որոշումներ, որոնց շարքին է թշնամական արարքներու դադրեցումն ու քաղաքայիններու պաշտպանութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը շարունակեն յանձնառու մնալ զինադադարին:
Կառավարութիւնը, սակայն, աւելցուց, որ իրեն կը վերապահէ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը, «եւ աւելի լաւ է ուղղակի կերպով խօսիլ նախայարձակին հետ, որպէսզի դադրեցնէ իր ոտնահարումներն ու ոճիրները»:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ պէտք է «Քորոնա» ժահրին դէմ ազդու պայքարի համար վերաբանալ քարիւղի դաշտերն ու կառոյցները եւ վերսկսիլ Քարիւղի պետական հաստատութիւններու վերահսկողութեամբ քարիւղի արտածումները, որոնք տնտեսական կեանքի կենսարիւնն են եւ բոլոր քաղաքացիներու կարիքներուն բաւարարման երաշխաւորման միակ միջոցը` աւելցնելով, որ քարիւղի այդ դաշտերուն եւ կառոյցներուն փակումը բոլորին մեծ վնաս կը պատճառէ: