Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Խրիմ կատարած պաշտօնական այցելութեան դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Փութինի` Խրիմի ինքնավար հանրապետութիւն եւ Սեւաստոփոլ կատարած այցելութեան հետ կապուած ռուսական արտաքին գործող նախարարութեան բողոք կը ներկայացնենք», կը նշուի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Ուքրանացի դիւանագէտները մանրամասնած են, որ այդ այցելութիւնը Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան կոպիտ խախտում, ինչպէս նաեւ բոլորին ծանօթ միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն նկատմամբ շնական ու ցուցադրական արհամարհանք կը նկատեն:
«Խրիմը եւ Սեւաստոփոլը են եւ պիտի շարունակեն մնալ Ուքրանիոյ գերիշխան տէրութեան անբաժան մասը», յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ծանօթ է, որ Ռուսիոյ նախագահը պաշտօնական այցելութեամբ Խրիմի թերակղզի մեկնած էր 18 մարտին: