Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չաու Լի Ժիան յայտարարեց, որ գոյութիւն ունին փաստեր, թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ն է, որ «Քորոնա» ժահրը տարածած է Չինաստանի մէջ:
Ան նշեց, որ գոյութիւն ունին փաստեր, թէ «ՔՈՎԻՏ-19» ժահրը 2015-ին պատրաստուած է ամերիկացի գիտնականներու կողմէ:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ Չինաստանին տրամադրած են ժահրին վերաբերեալ իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր տեղեկութիւնները, եւ չին մասնագէտները արխիւէն գտած են «Նէյչըր Մետիսին» պարբերաթերթին մէջ 2015-ին լոյս տեսած յօդուած մը, որ կը հաստատէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ գիտնականներ կրցած են ստանալ «Քորոնա» ժահրի նոր տիպ մը, որ ուղղակի ազդեցութիւն ունի մարդուն վրայ:
Յօդուածագիրը կը յայտնէ, որ «ՔՈՎԻՏ-19» ժահրին աղբիւրը «Էս.Էյչ.Սի.014» ժահրն էր, որ յայտնաբերուած է չղջիկներու մէջ եւ ատոր հիմամբ պատրաստուած ժահր մը, որ մարդկային մարմինին կը յարմարի: