Ուրարտու ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ մինչեւ 18 մարտ ակումբին մարզահամալիրին մէջ կը դադրին բոլոր տեսակի փորձերն ու աշխատանքները («Քորոնա» ժահրին պատճառով):
Վերոնշեալ թուականէն ետք աշխատանքներու դադրեցումի այդ որոշումը կրնայ երկարաձգուիլ, երբ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակէ եւրոպական բոլոր երկիրներուն ախոյեանութիւններուն գծով:
Ուրարտուի սեփականատէր Ջեւան Չելոյեանց եկաւ այս եզրակացութեան, ժողով-հանդիպում մը կատարելէ ետք ակումբին ֆութպոլիստներուն, մարզիչներուն եւ մնացեալ բոլոր աշխատակիցներուն հետ: