Սկզբունքով վաղը` կիրակի, 15 մարտին տեղի պիտի ունենար «Ֆորմիւլա-1»-ի 2020-ի աշխարհի ախոյեանութեան տարեշրջանի առաջին հանգրուանի կրան փրին` աւստրալիական Մելպուռն քաղաքին մէջ:
Սակայն կազմակերպիչները երէկ պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ ո՛չ միայն առաջին հանգրուանը կը յետաձգուի, այլ նաեւ կը յետաձգուին անոր յաջորդող երեք այլ կրան փրիները, որոնք տեղի պիտի ունենային յաջորդաբար Պահրէյնի (22 մարտ), Վիեթնամի (5 ապրիլ) եւ Չինաստանի (16 ապրիլ) մէջ:
Եթէ պատահի, որ ասոնցմէ ետք յետաձգուին նաեւ այլ հանգրուաններ, նոր տարեշրջանը պիտի սկսի 5 յունիսին: